Զոհուած զինծառայողներու հարազատները, որոնք յաջակցութիւն Գայեանէ Յակոբեանին նստացոյց կ'ընէին կառավարութեան առջեւ, յայտարարեցին, որ դադրեցուցած են այն։
«Մենք երկար խորհրդակցելով միմեանց հետ՝ որոշեցինք դադարեցնել պայքարի այս ձեւը՝ նստացոյցը։ Մեր հետագայ քայլերի մասին կը տեղեկացնենք աւելի ուշ»,- լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է Վահիտ Սահակեան։
Սահակեան յայտարարած է նաեւ, որ համակարծիք են Աշոտ Փաշինեանի առեւանգման գործով կալանաւորուած Գայեանէ Յակոբեանի ներկայացուցչներու այն յայտարարութեան հետ, որ «տիկին Գայեանէի արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւական գործիքակազմն այլեւս սպառուած է»։
Փաստաբանները յայտնած էին նաեւ, որ «որոշում ենք կայացրել դադարեցնելու մեր մասնակցութիւնը քրէական վարոյթի հետագայ ընթացքին»։