image

Իսրայէլ կ՚ուզէ ապագային պահպանել Իրանի նկատմամբ գործողութիւններու ազատութիւնը. Իսրայէլ Քաց

Իսրայէլ կ՚ուզէ ապագային պահպանել Իրանի նկատմամբ գործողութիւններու ազատութիւնը. Իսրայէլ Քաց

Իսրայէլ կ՚ուզէ ապագային պահպանել Իրանի նկատմամբ գործողութիւններու ազատութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը՝ մեկնաբանելով հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները։

«Իսրայէլ պէտք է ապահովէ, որ ապագային եւս պահպանենք անկախ գործելու հնարաւորութիւնը՝ Իրան կողմէ միջուկային զէնքի ստացումը կանխելու համար։ Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ ես Պաշտպանութեան Բանակին յանձնարարած ենք համապատասխան պատրաստութիւններ տեսնել այդ նպատակով»,– նշած է պաշտօնեան։

Քաց կարծիք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հետ բանակցութիւնները կը վարէ՝ առաջնորդուելով ամերիկեան շահերով, ներառեալ Իսրայէլի հետ ընդհանուր շահը՝ կանխելու Իրանի կողմէ միջուկային զէնքի ձեռքբերումը։

Նախարարի համաձայն՝ Թել Աւիւ կը սպասէ, որ Ուաշինկթըն հաւատարիմ մնայ այդ սկզբունքին։