Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է հարցին՝ արդեօք վերամիաւորուա՞ծ են ինքն ու Աննա Յակոբեանը, որ աւելի վաղ յայտարարած էր իր եւ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքացիական ամուսնութեան աւարտի մասին։
Նիկոլ Փաշինեանը թեմային անդրադարձած է Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին՝ անդրադառնալով հարցին, թէ վերամիաւորուած են արդեօք, եւ, եթէ այո, ի՞նչը նպաստած է ատոր։
«Երբ Աննան յայտարարութիւն արեց, ես յայտարարեցի, որ ես յարգանքով եմ վերաբերւում այդ որոշմանը, բայց չյայտարարեցի, որ հաշտ եմ այդ որոշման հետ։ Եւ ես, բնականաբար, այդ տրամաբանութեամբ նաեւ ջանքեր եմ գործադրել, որպէսզի Ձեր ասած իրադարձութիւնը տեղի ունենայ, եւ ուրախ եմ, որ դա տեղի է ունենում, եւ ուրախ եմ, որ եւս մէկ շանս ունեմ, որպէսզի մեր ընտանիքը պահպանուի»,-ըսած է Փաշինեանը։