Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանին՝ Իսրայէլ-Իրան հակամարտութեան ընթացքին հայ-իրանական սահմանի «Ագարակ» անցակէտին մէջ գանատական հիւպատոսական խումբերուն հասանելիութիւն ապահովելու համար, որու շնորհիւ հնարաւոր եղած է օգնել Իրանի մէջ գտնուող գանատացիներուն։
Այս մասին Անիթա Անանտը նշած է X-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ։
«Խօսեցայ իմ հայ գործընկերոջ՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու Հայաստանին՝ «Ագարակ» սահմանային անցակէտին մէջ գանատական հիւպատոսական խումբերու արդիւնաւէտ մուտքն ապահովելու համար։ Ատոր շնորհիւ մենք վերջերս կրցանք օգնել տարածաշրջանին մէջ գտնուող գանատացիներուն»,-իր գրառման մէջ նշած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ քննարկած եւ երկուստեք վերահաստատած են տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յանձնառութիւնը։
Հայաստանի եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի մասին աւելի վաղ յայտնած էր ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ զրուցակիցները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման, տարածաշրջանային, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։