image

«Գանատա հասնող մեր հայրենակիցներէն շատեր շատ արագ կ՚ուզեն գանատացի դառնալ, քան թէ հայ մնալ եւ այդ մէկը մեծ ցաւ է մեզի համար». Տէր Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան

«Գանատա հասնող մեր հայրենակիցներէն շատեր շատ արագ կ՚ուզեն գանատացի դառնալ, քան թէ հայ մնալ եւ այդ մէկը մեծ ցաւ է մեզի համար». Տէր Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան

 «Ժամանակ»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Քահանայական Դասի անդամ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Միւռին քհնյ. Սարգիսեան 

 

-Տէր Հայր ըլլալով հոգեւոր ծառայութեան մէջ եւ հաշուի առնելով այսօր տիրող մթնոլորտը, ապա  ինչ կրնաք մեր ժողովուրդի հոգեւոր պէտքերուն մասին. յատկապէս  Գանատայի մէջ, ուր կը սպասարկէք։

Գանատահայոց Թեմը, նման մեր բոլոր սփիւռքեան թեմերուն, հայ  ազգային ինքնութիւնը բնորոշող՝ հայոց լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, հոգեւոր կեանք, այս բոլորին մէջ մեծ ներդրում ունի: Այս կարիքները կը ջանանք լիիրաւ ձեւով կատարել, անկախ որ շատ անգամ հոգեւորականներու թիւը որոշ չափով նուազ է: Գանատան մեծ երկիր է՝ ովկիանոսէ ովկիանոս: Այդուհանդերձ, որպէս «սպառուող»  այլ համայնքներուն համեմատ , ժամանակ առ ժամանակ նոր ներգաղթ կը կատարուի: Եթէ սկսինք 1950-60-ական թուականներէն, կը տեսնենք, որ այդտեղ, առաջին շրջանին եգիպտահայերը եկած էին, անկէ ետք եկան լիբանանահայերը՝ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին աւելի  ուշ  տեսանք  իրաքահայերու հոսքը: Վերջին շրջանին  ականատեսը դարձանք ,  սուրիահայ մեր հայրենակիցներու հոսքին: Մարդկային ներհոսքի  իւրաքանչիւր  ժամանակաշրջանի ընթացքին համայնքները կը վերապրին, նոր շունչ մը ընթացք  կ՚առնէ…։ Երբ նոր  Գանատա եկած էի, նշանակուեցայ Գանատայի Հայոց Թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ երիտասարդաց ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն: Կը յիշեմ, որ առաջին պատարագիս՝ 2007, 1 Ապրիլին, Ծաղկազարդի օրը, պետական ներկայացուցիչ մը, հայերուն կողմէ յարգուած՝ Ճէյսըն Քէնին ներկայ էր, որուն մասնակցութեամբ, Առաջնորդարանին մէջ բացուեցաւ «Հայ Տուն»ը: «Հայ տուն»ը ընտանեկան ծառայութեան գրասենեակ է, առանձինն հաստատուած, որպէս հաստատութիւն, Քէպէք նահանգի պատկան մարմիններուն  կողմէ: Այս տեղի ունեցաւ, որպէսզի  կարելի ըլլայ իրաքահայերու հոսքը  կազմակերպել  դէպի Գանատա: Այդտեղ շատ մեծ ներդրում ունէր նաեւ կառավարութիւնը, առաւել եւս եկեղեցին եւ նուիրեալ ծառայողներն ու հիմնադիրները: 

-Յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ամենաթէժ ժամանակներուն, շատ մեղադրանքներ լսած եմ «Հայ Տուն»ի հասցէին, որ  Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը կը դատարկէ, եւն. Եւն….։ Անշուշտ ինչպէս կ’ըսեն. «լեզուն ոսկոր չունի», այս խօսողները, ինչ ալ ընես, պիտի խօսին: Ճշմարտութիւնը ի՞նչ է: Արդեօք այդ բոլորին տակ ծրագրուած բան մը կա՞ր, թէ՞ բարեգործութեան նպատակով տեղի ունեցաւ ամէն ինչ։  Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք: 

Նախ, կառավարութիւնը պէտք է հաստատէ ներգաղթը, ինչպէս որ հաստատեց, որ այո Սուրիան պատերազմի մէջ է, ոմանք հալածուած են, ոմանք տուն-տեղ կորսնցուցած են, ոմանք աշխատանք կորսնցուցած են, եւ ոչ թէ անմիջական Սուրիայէն կու գան, այլ իրենք արդէն իրենց երկրէն դուրս կը գտնուին: Պայմաններէն մէկն ալ արդէն այդ էր, որ սուրիացի գաղթականը կրնայ դիմել Գանատա ներգաղթելու, որպէս նոր ապաստանելու վայր, միմիայն այն պարագային, երբ ինք երկրէն դուրս կ’ապրի արդէն: Կարգ մը հայ ընտանիքներ արդէն ներգաղթած էին Գանատա եւ կը սպասէին, որ իրենց զաւակը կամ ընտանիքէն մէկ- երկու այլ անդամներ, իրենց միանան: Այդ անհատներուն անշուշտ պիտի օգնէինք, որ իրենց ընտանիքին միանան: Նման եւ այլ շատ օրինակներ կան, որոնց օգտակար եղած է «Հայ Տուն»ը: Մեր եկեղեցին տարեկան կրնայ  շուրջ  երեսուն  անձի  համար երաշխաւոր  կանգնիլ։ Ես հիմնականը կեդրոնացած եմ երիտասարդներու եւ այն ընտանիքներու վրայ, որոնք իրենց հայրը կորսնցուցած կամ որբ մնացած են: Իսկ հիմա մեր դիմումներուն կէսը կը մերժուի կառավարութեան կողմէ, այն պատճառաբանութեամբ, որ Հայաստանը մեր հայրենիքն է եւ սուրիահայերը կ’ընդունի, հետեւաբար կրնան հոն ապաստան գտնել:

-Այս ժամանակներուն շատ դրական բան կը լսենք Գանատայի գաղութին մասին: Արդեօք ձուլումը մարտահրաւէր կը նկատէ՞ք:  Եթէ ներկայիս սուրիական կամ լիբանանեան արիւն եկաւ, սա արդեօք կը նշանակէ՞ թէ ձուլումը յետաձգուեցաւ: Ի՞նչ է իսկական պատկերը:

Ծառայելով տարբեր տեղեր՝ Եթովպիա, Սուտան, Եգիպտոս, Գերմանիա, եւ ներկայիս Գանատա, կրնամ ըսել, որ ձուլման վտանգը ամէն տեղ է: Այո նոր եկողները նոր շունչ կը բերեն, անկասկած: Նոր եկողներուն վրայ մեր յոյսերը շատ մեծ է, սակայն, հիասթափութիւնն ալ շուտ կու գայ: Պատճառը ան է, որ իրենք շատ աւելի արագ կ’ուզեն գանատացի դառնալ եւ ոչ թէ հայ մնալ: Տեսաք, թէ ինչպէս, երբ հայերուն մեծ խմբակը հասաւ, վարչապետ Ճասթըն Թրուտօն անձնապէս դիմաւորեց զիրենք: Մէկ տարի ետք, շնորհակալական միջոցառում մը կազմակերպեցի, որ հեռուստացոյցով ալ  սփռուեցաւ։Սուրիահայ երաժիշտներէ բաղկացած համերգ մը կազմակերպեցինք, որ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց: Սակայն, այսօր ես շատ կը նեղանամ, երբ տեսնեմ, որ  մեր սուրիահայ գաղթականներուն զաւակները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն գաղթած հայերուն զաւակները իրար հետ անգլերէն կը խօսին: «Արարատ» Ճամբար գացած էի, որպէսզի երիտասարդներուն հետ ժամանակ անցընեմ: Երիտասարդներէն մին, որուն ընտանիքը ամբողջութեամբ հայերէն կը խօսի, ինք եւս լաւ հայերէն գիտէ, եկաւ ինծի անգլերէնով հարցում  մը ուղեց: Ես ալ իրեն ըսի, որ մինչեւ որ հայերէն չխօսիս չեմ պատասխաներ: Դժբախտաբար, այս վիճակը գոյութիւն ունի ներկայիս, ուր ամէնքը կ’ուզեն արագ անգլերէն սորվիլ: Ես ալ կ’ըսեմ, որ արդէն ամէն տեղ՝ դպրոցը, ճամբան եւայլն անգլերէն կը խօսուի, գոնէ տունը պէտք է հայերէն խօսուի: Այս պատկերը ցոյց կու տայ արդէն, որ ձուլում պիտի ըլլայ: Գանատացիէն աւելի գանատացի կ’ուզեն ըլլալ: Մեր եկեղեցին ամբողջ ջանքը կ’ընէ այս ձուլումը զսպելու: 

-Հիմա դուք Հայաստան կը գտնուիք: Պատմական օրեր ապրեցանք՝ Միւռոնօրհնէք, Մայր տաճարի վերաօծում եւ բացում: Մասնակցեցաք քահանայից  վերապատրաստման հանդիպումներու։ Ի՞նչ տրամադրութեամբ  կը հեռանաք Հայաստանէն: 

Հայաստան այցելութիւնս շատ անակնկալ եղաւ, որովհետեւ վերջին վայրկեանին որոշեցի: Այս տարի քահանայութեանս երեսուն ամեակն է: Մէկ ամիս առաջ էր, որ մեր Թեմի Առաջնորդ՝ Աբգար Սրբազանը առաջարկեց, որ քահանայից վերապատրաստման ծրագիրին  մասնակցիմ: Անդրադարձայ, որ քահանայութեանս երեսուն ամեակն է, անունս Տէր Միւռոն է, Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը կայ, Մայր տաճարը, որ մանկութեանս սրբութիւնն է, ուր տասներեք տարեկանէս մինչեւ քսան տարեկան ժամակարգութեան մասնակցած եմ, անոր վերաօծումը կայ: Հետեւաբար այս վերապատրաստման ծրագիրը տեսայ, որպէս ուխտ ժամանելու եւ առանձնութեան- աղօթասացութեան իրական  առիթ: Քահանայութեան երեսուն ամեակիս կարծէք ուզեցի ետ ուսանողութեան տարիները յիշել: Տպաւորութիւնս աւելի յուզական էր, դրական իմաստով: Առաւել եւս երբ ,  Մայր տաճարի օծման  նաւակատիքը եղաւ եւ այդ ժողովուրդի կարօտը տեսայ: Հետաքրքրական  էր եւ շատ գեղեցիկ էր Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Գարեգին կաթողիկոսին հրահանգը, որ մէկ շաբաթ, ամէն երեկոյ ժամը եօթին Սուրբ Պատարագ  պիտի մատուցուէր: Տեսայ խուռներամ ժողովուրդը, թէ ինչպէս կարօտով լեցուած են Մայր տաճարէն ներս եւ դուրս: Զգացի անոնց մէջ այդ կարօտը եւ ծարաւը սրբութեան: Շատ ժամանակ չունեցայ քաղաքը տեսնելու: Ինչ որ կը տեսնեմ շատ ճաշարաններ բացուած են, գեղեցիկ շէնքեր բարձրացած են: Ամենացաւալին, երբ երեկոյեան, բարձունքի վրայ տեսայ եռաբլուրին վրայ ծածանուող դրօշակները եւ աչքերս լեցուեցան: Տասնըհինգ տարիէ չէի եկած Հայաստան, փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ տարբեր Թեմերու կազմակերպութեամբ ուխտս կատարեցի եւ խոկման գեղեցիկ օրեր ապրեցայ։ Աղօթենք, որ Աստուած պահապան ըլլայ մեր ազգին: Ամէն Կիրակի տարբեր եկեղեցիի  մէջ պատարագեցի: Այս Կիրակի վերջին պատարագս կը մատուցեմ Սուրբ Գայիեանէ եկեղեցւոյ մէջ եւ կը վերադառնամ Գանատա: Փառք կու տամ Աստուծոյ այս առաքելութեան համար:   

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս