image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ դպրոցներու վրայ զինուած յարձակումներու գործով ձերբակալուած է 83 մարդ

Թուրքիոյ մէջ դպրոցներու վրայ զինուած յարձակումներու գործով ձերբակալուած է 83 մարդ

Թուրքիոյ իրաւապահները Շանլըուրֆա եւ Քահրամանմարաշ նահանգներուն մէջ դպրոցներու վրայ երկու զինուած յարձակումներէն ետք ձերբակալած է 83 անձ։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ TRT Haber-ը։

Նշուած է, որ յարձակումներէն ետք ձեռնարկուած միջոցառումներու շրջածիրէն ներս սահմանափակուած է 940 ընկերային ցանցերու հաշիւներու մուտքը, իսկ Telegram-ի 93 խումբ փակուած է։

Ապրիլ 14-ին Շանլըուրֆա նահանգի Սիւերեք շրջանին մէջ դպրոցի վրայ զինեալ յարձակում տեղի ունեցած էր,  որու հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած էր, իսկ 16-ը՝ վիրաւորուած։

Յաջորդ օրը նմանատիպ յարձակում տեղի ունեցած է Քահրամանմարաշի դպրոցներէն մէկուն վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է ինը մարդ, իսկ 13-ը՝ վիրաւորուած։