image
Հրատապ լուրեր:

Յիշելով նորոգ վախճանեալ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանը. Գրեց՝ Լեւոն Շառոյեան

Յիշելով նորոգ վախճանեալ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանը. Գրեց՝ Լեւոն Շառոյեան

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբանը` Տաթեւ արք. Սարգիսեան, ի Տէր ննջեց Ուրբաթ, 20 Փետրուարին, 85 տարեկանին։ Գոյժը հաղորդուեցաւ Ս. Էջմիածնէն, ուր վերջնականապէս կայք հաստատած էր ողբացեալ սրբազանը` շուրջ երեք տասնամեակէ իվեր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վաղորդայնին…։

Տաթեւ սրբազան ծնունդով Հալէպէն էր (1941), սակայն արմատներով` Քեսապէն։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Հալէպի երբեմնի Ազգ. Հայկազեան վարժարանը, այնուհետեւ Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալով` կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 1960-ին, ձեռամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի։ Ուրեմն, ճիշդ 65 տարուան եկեղեցական վաստակ մը ունէր ան իր ետին…։

Վախճանեալ սրբազանը հօրեղբօրորդին էր Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. (հետագային` Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա.) կաթողիկոսին։ Կը պատկանէր Անթիլիասի հոգեւորականներու այն սերունդին, որ Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութեան յաջորդող ազգային-եկեղեցական բուռն պայքարներու փոթորկոտ շրջանին հոգեւոր կոչում ստանալով` նպաստած եղաւ միաբանութեան վերածաղկումին ու վանական կամ թեմական պաշտօններու ճամբով իր ծառայութիւնը բերաւ Հայց. Եկեղեցւոյ։

Զինք լաւ կը յիշեն յա՛տկապէս հալէպցիք (գոնէ երէց սերունդը), քանի որ Տաթեւ սրբազան Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական պաշտօնը վարեց ինը տարի, 1968-1977, յաջորդելով Ղեւոնդ արք. Չէպէեանին ու կանխելով Սուրէն արք. Գաթարոյեանի առաջնորդութեան երկարատեւ շրջանը։ Հալէպի իր առաջնորդութեան տարիներուն, ան, գործակցաբար Օշական վրդ. Չօլոյեանի (այժմ` արքեպիսկոպոս), պատրաստեց «Կրօնի դասեր» կոչուած դասագիրքերու շարքը (հեղինակի անուն նշուած չէ), որ վաւերացուած ըլլալով Սուրիոյ կրթական նսխարարութեան կողմէ` առ այսօր կ`օգտագործուի երկրին հայկական բոլոր դպրոցներէն ներս։

Իդէպ, Տաթեւ սրբազան Բերիոյ պատմական ու ընդարձակ թեմին առաջնորդութեան պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէր շատ երիտասարդ հասակին, երբ հազիւ 27 տարեկան էր։ Աւելի ուշ, 1974-ին է որ Խորէն Ա. կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրէր, յուրախութիւն հալէպահայոց։

Տաթեւ սրբազան ունէր համալսարանական ուսում. աստուածաբանութեան հետեւած էր Անգլիա, Լոնտոնի Քինկզ Գոլէժը (1962-65)։ Երկու տարբեր շրջաններով վարած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը. նախ` 1966-68, այնուհետեւ` 1977-85։ Հալէպէն ետք իր թեմական երկրորդ (ու վերջին) կայքը պիտի ըլլար Լոս Անճելըսը, ուր պիտի մնար լման 10 տարի, որպէս առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին։

1995-ին, երբ պատմական ու աննախընթաց տեղափոխումով մը` Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. հայրապետը Անթիլիասէն անցում մը կատարեց դէպի Ս. Էջմիածին, Կիլիկեան միաբանութենէն իրարու տարեկից բարձրաստիճան 2 հոգեւորականներ` Տաթեւ սրբազան եւ Աշճեան Մեսրոպ սրբազան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին), նորընտիր Վեհափառին հետեւելով անցան Հայաստան ու վերջնականապէս կայք հաստատեցին այնտեղ։ Մեսրոպ սրբազան, բնաւորութեամբ աշխատունակ, աշխոյժ եւ ստեղծարար, Հայաստանի մէջ ու Մայր Աթոռի ծիրէն ներս անձնատուր եղաւ կազմակերպչական ու հրատարակչական սքանչելի աշխատանքներու։ Իսկ Տաթեւ սրբազան, նկարագրով` մեղմաբարոյ ու հանդարտ, բաւարարուեցաւ Էջմիածնայ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի մէջ կրօնագիտական ու աստուածաբանական առարկաներու դասաւանդութեամբ։

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին չարաղէտ հիւանդութիւնն ու անսպասելի վախճանումը (Յունիս, 1999) լախտի հարուած մը եղաւ անշուշտ Հայց. Եկեղեցւոյ համար։ Ի՜նչ յոյսեր կապուած էին իր անունին…։ Հարուած ու հիասթափութիւն` նա՛եւ իր սիրեցեալ Տաթեւ ու Մեսրոպ սրբազաններուն համար, որոնք Ամերիկան թողած` Հայաստան եկեր էին ազգօգուտ ինչ-ինչ ծրագրերու հետամուտ։

Մեսրոպ սրբազան վախճանեցաւ կանուխ, իր կարողութիւններուն լիութեանը մէջ, սրտի անակնկալ տագնապի մը հետեւանքով, 2003-ի Դեկտեմբերին։

Հիմա, 22 տարի ետք, երկնային օթեւաններու մէջ իրեն կը միանայ իր սերնդակիցն ու լծակիցը` Տաթեւ սրբազան։

*

Տաթեւ սրբազանը կը յիշենք անձամբ, տրուած ըլլալով որ մեր պատանութեան տարիներուն շապիկ կը հագնէինք ու դպրութիւն կ`ընէինք Հալէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, ուր յաճախ առիթը կ`ունենայինք մօտէն տեսնելու երիտասարդ սրբազանը ու իր աջը առնելու…։

Սրբազանը մի՛շտ առինքնող ժպիտ մը ունէր իր դէմքին, որ կը ճառագայթէր անօրինակ բարութեամբ։ Մեզի` փոքրերուս համար, «յիսուսանման» դիմագծութիւն մըն էր այդ (թող մեղք չսեպուի…), իր կիսափակ աչքերով, նուաղուն ձայնով ու գլուխը ծածկող սեւաթոյր վեղարով…։

Կը յիշենք այդ հին օրերու (70-ական թուականներ) Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ Ծննդեան կամ Զատկի եպիսկոպոսական պատարագները` երբ Տաթեւ սրբազան կը խօսէր ներշնչեալ ու տպաւորիչ քարոզներ։ Կը յիշենք Աւագ Հինգշաբթիի իր Ոտնլուաները, երբ խուռներամ բազմութիւնը մինչեւ եկեղեցւոյ բեմին ծայրը հասած` գրեթէ անանցանելի կը դարձնէր երթեւեկը մայր խորանին դիմացի դասուն մէջ…։

Ցաւ է, որ Տաթեւ սրբազան չկրցաւ մեզի կտակել մնայուն գործ մը։ Պատրաստուած եւ ուսեալ եկեղեցական մըն էր ինք, հետեւաբար կրնայինք ակնկալութիւններ ունենալ իրմէ` պատմաբանասիրական ու եկեղեցագիտական գրականութեան կալուածէն ներս։ Ափսո՛ս, ան գրիչ չշարժեց, չարտադրեց (որքան որ գիտենք), հակառակ որ ամէն տեսակ վարչական ու թեմական պատասխանատուութենէ հեռու` ստեղծագործական աշխատանքի լայն պատեհութիւններ ունէր Ս. Էջմիածնայ մէջ։

Մեկնեցաւ դատարկ մախաղով…։

Զինք պիտի յիշենք երջանիկ օրերու մեր հի՜ն ու անմոռանալի ապրումներուն մէջ…։

 

Լեւոն Շառոյեան
«Արարատ»