Ամերիկան հիւանդ է՞
Արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգները խորապէս «հիւանդ» է։ Ունի մեծ տարողութիւն ունեցող ներքին անհանգստութիւններ, սակայն ամէնէն շատ մտահոգութիւն հանդիսացողը Միացեալ Նահանգներու տեսլականի խնդիրն է, որ տարբեր ուղղութիւններով կը դրսեւորուի ու կերպով մըն ալ կը ցնցէ ամբողջ աշխարհը։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ուժեղն ու կայունը պարտաւոր են պահել-պահպանել միջազգային կարգն ու օրէնսդրութիւնը, ապա այդ ուղղութեամբ մեր աչքերուն պարզ ու յստակ կերպով երեւելի պիտի դառնայ, որ նոյնինքն նախագահ Թրամփի ղեկավարած երկիրը այսօրուան կտրուածքով կը հանդիսանայ նոյն այդ միջազգային օրէնքին , անոր կարգ ու սարքին համար առաջին մեղանչողը։ Ու մտահոգութիւնը աւելիով մարմին կը զգենու, որ տեղ մը հասկնալիօրէն նկատենք, որ այդ մեղանչումը տեղի կ՚ունենայ սխալ քայլերով, մեղքերով, դիմացի կողմի իրաւունքներն ու էութիւնը ոտնակոխ ընելով։
Աշխարհաքաղաքական իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ «Ամերիկեան կայսրութիւն»ը ներկայիս անկման փուլի մը մէջ է, եւ այսօր անոր վիճակը նման է Օսմանեան կայսրութեան դրութեան 20-րդ դարասկզբին։ Դժուար թէ կարելի ըլլայ Ամերիկայի վիճակը ուղղակիօրէն համեմատել՝ Օսմանեան կայսրութեան հետ, հաշուի առնելով մեծ տարածքներու անմիջական կառավարումը եւ տարբեր ազգեր ու ցեղերը, սակայն նմանութիւն կայ այն առումով, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն վրայ աստիճանաբար նուազած է, մինչ նոր ուժեր կը բարձրանան, որոնց հետ Ուաշինկթըն կարծես չի գիտէր յստակ վարուելու, կամ նոյնիսկ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ուրոյն ձեւ մը։
Ուքրանիոյ ճգնաժամը, որ կրնայ մեծ հրդեհի մը վերածուիլ եւ իր մէջ առնել ամբողջ Եւրոպան մեծագոյն օրինակն է այն իրավիճակին, որ որուն հասած է Ամերիկա։ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան նահանջը սկսած է տարիներ առաջ եւ այսօր հասած է իր գագաթնակէտին…։ Իսկ Ուքրանիոյ իրավիճակը կարծէք սկսած է ցոյց տալ, որ Ամերիկան, որպէս գեր-պետութիւն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր մօտեցումները։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան թոյլ օղակները հասկնալու համար, որպէս օրինակ հարկ է վերցնել Ռուսաստանի պարագան, որ մեծ առումներով (եւ անշուշտ Չինաստանի եւ Իրանի կողքին) կը շարունակէ հանդիսանալ Ամերիկեան արատքին քայլերը հարցականի տակ դնող, ընդդիմացող ու մեծ հաշուով ալ խուսանաւող կողմ (կողմեր)։ Այս առումով կարեւոր է շեշտել Ռուս- Ամերիկեան վերջին 20 տարիներու փորձը, որուն դիմաց ԱՄՆ տարբեր ձեւաչափերով նահանջեց նախընտրելով «Պատերազմ պիտի չընենք» ընդհանուր լօզունգը ։
Եւ այսպէս 2008 թուականին Մոսկուա փորձեց Արեւմուտքի դիմադրութիւնը՝ Օսեթիոյ մէջ եղած հարաւի պատերազմի ժամանակ, երբ Վրաստանը ներխուժած էր այդ հանրապետութիւն, որ Մոսկուայի ազդեցութեան տակ էր։ Այդ ժամանակ Արեւմուտքը չպաշտպանեց Վրաստանը եւ պատերազմը շատ արագ կերպով աւարտեցաւ Ռուսաստանի կողմէ Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ գրաւումով ու ապա այդ շրջաններու «Անկախ հանրապետութիւններ» ճանչնալու մօտեցումով։
Արդարեւ 2008-էն ցայսօր Մոսկուան աւելի ուժ ձեռք բերած է՝ հասկնալով Ամերիկայի «անկարողութիւն»ը կամ նոր պատերազմներու մերժումը։
Այդ մէկը «բաց կերպով» ըսուած էր, նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան օրերուն, երբ Ամերիկեան զօրքերը դուրս եկան Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն։ Այդ ժամանակաշրջանին Մոսկուան ընդարձակած էր իր քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութիւնը, որուն իբրեւ անմիջական ազդեցութիւն բոլորս նկատեցինք, թէ ինչ «հիմքեր»ով Ռուսական ուժերը հասան մինչեւ «տաք ջուրեր», այլ խօսքով՝ Սուրիա։
Այս բոլորին առընթեր ամենամեծ խնդիրը կը ահամրուի այն, որ Միացեալ Նահանգներու կատարած ետադրձի ստեղծած բացը, ոչ մէկ Արեւմտեան երկիր կրցած է լեցընել։ Ամերիկայի վերելքի ժամանակ՝ ԽՍՀՄ-ի անկումէն ետք, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան հիմնական դաշնակիցները, հաշտուած են «Նոր կայսրութեան» ազդեցութեան, եւ այսօր կը վճարեն այդ թուլութեան գինը։ Նոյնիսկ Ուքրանիոյ պարագային, Ռուսաստանը կանգնած է Եւրոպայի դարպասներուն առջեւ, իսկ ԱՄՆ-ը ոչ մէկ կերպով պատրաստ է «թումբ կանգնիլ» կամ նոյնիսկ պաշտպանել Եւրոպան։
Հարկ է ուրեմն հասկնալ, որ Միացեալ Նահանգները, իր բոլոր բոլոր դաշնակիցներով հանդերձ ներկայիս կանգնած է լուրջ քննութեան առջեւ, եւ ըստ ստեղծուած համապատկերին ԱՄՆ-ին համար շատ դժուար պիտի ըլլայ յաջողութեամբ անցնիլ այդ քննութիւնը առանց ունենալու մեծ կորուստներ կամ նոյնիսկ զոհաբերումներ։
Ամերիկայի «ներս»ի իրավիճակին մասին. Վկայութիւն՝ Քամալա Հարիսէն
Մեր ժամանակներուն Միացեալ Նահանգերու ներքին իրավիճակը նոյնքան մտահոգիչ է (թերեւս ալ աւելի քան, արտաքին քաղաքականութեան խոցելիութիւնը)։ Գոյութիւն ունին ամենատարբեր մակարդակի հիմնահարցեր, որ հետեւանք են երկար տարիներու սխալներու, սխալ կառավարման ուղղութիւններու, անարդարութիւններու եւ նոյնիսկ զատողութիւններու։
Այս առումով ալ Ամերիկեան հարցերը դիտարկողմներուն համար փաստացիօրէն, այսօր առկայ հիմնահարցերը «լուրջ ներուժ» մը ունին երկիրը տանելու ներքին բախումներու, կամ աւելի վտանգաւորը ներքին-քաղաքացիական ընդհարումներու գիրկը։
Ի դէպ ներ-ամերիկեան հիմնահարցերուն մասին շատ կարեւոր վկայութիւն մը տուած է ԱՄՆ Դեմոկրատական կուսակցութեան հանրայայտ դէմքերէն՝ Քամալա Հարիսը։ Հարիս, (որ 2024 թուականի նախագահական ընտրարշաւին պայքարեցաւ այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ եւ կրեց մեծ պարտութիւն մը) 2020 թուականին հանդէս եկած է ինքնակենսագրական-վերլուծական հատորով մը, որ կը կրէ «Մեր դաւանած ճշմարտութիւն»ը ընդհանուր խորագիրը։ Շատ ամփոփիչ, սեղմ եւ յստակ տողերով Հարիս կը ներկայացնէ իր եւ իր սերունդի ապրած հոգեվիճակները, Ամերիկայի հասարակութեան ներքին հիմնահարցերը ու ապրուած փորձառութիւնները։ Ան առանց իմանալու, որ այդ հատորի հրապարակումէն տարիներ ետք պարտութեան պիտի մատնուէր Թրամփի կողմէ, երբեք չէ յուսալքուած ու տակաւին կը շարունակէ հաւատալ, որ Ամերիկան շուտով պիտի վերադառնայ այն արժէքներուն, որոնք հիմնասիւնը կը կազմեն արեւմտեան աշխարհի ընդհանուր ընկալումներուն։
Իր հատորի նախաբանին մէջ Հարիս այս բոլորին մասին ակնկարկած է եւ այդ հատուածը կը ներկայացնեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներու ուշադրութեան։
Հարիս կը գրէ՝
«Բայց ահա թէ ինչ գիտէի. մէկ ընտրարշաւն աւարտած է, միւսը սկսելու վրայ է: Ընտրարշաւ, որ բոլորիս մասնակցելու կոչ կ՚ընէ։ (Հարիս այստեղ նկատի ունի 2016 թուականի ընտրարշաւը, երբ իր կուսակից՝ Հիլըրի Քլինթըն պարտուեցաւ Թրամփի դիմաց. բան մը որ մեծ հարուած համարուեցաւ Դեմոկրատական եւ անոնց շուրջ բոլորուած քաղաքական ուժերուն) Եւ այս անգամ ատիկա պիտի ըլլայ ճակատամարտ մեր ազգի հոգիին համար։ Նախորդ տարիներուն տեսած ենք, թէ ինչպէս համակարգը կը հաւասարի սպիտակամորթ ցեղապաշտներու երկրին մէջ եւ կը հաճոյանայ բռնապետներուն արտասահմանի մէջ, երեխաները կը խլէ մայրերէն՝ մարդու իրաւունքներու այլանդակ խախտումով, վիթխարի հարկային արտօնութիւններ կը տրամադրէ մեծ ընկերութիւններուն ու հարուստներուն՝ անտեսելով միջին դասը։ Կը խոչընդոտէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ մեր պայքարը, շարքէ կը հանէ առողջապահութիւնը ու վտանգի կ՚ենթարկէ իր մարմինը վերահսկելու կնոջ իրաւունքը, ամբողջ ժամանակ յարձակումներ կը գործէ ամէն ինչի ու բոլորի վրայ՝ ներառեալ ազատ ու անկախ մամուլի բուն գաղափարին վրայ։ Մենք աւելի լաւ ենք, քան այս ամէնը: Ամերիկացիներս գիտենք, որ մենք աւելի լաւ ենք, քան այս բոլորը: Բայց մենք ստիպուած պիտի ըլլանք ապացուցել այդ։ Ստիպուած պիտի ըլլանք պայքարիլ անոր համար։ 4 Յուլիս 1992-ին Թերկուտ Մարշալը՝ (Ամերիկացի յայտնի իրաւապաշտպան (1908-1993)իմ հերոսներէս ու ոգեշնչողներէս մէկը, ելոյթ ունեցաւ, որ խորապէս արդիական է նաեւ այսօր: «Մենք չենք կրնար մեզի ջայլամի պէս պահել,– ըսաւ ան,– ժողովրդավարութիւնը չի կրնար ծաղկիլ վախի մէջ: Ազատութիւնը չի կրնար փթթիլ ատելութեան մէջ: Արդարութիւնը չի կրնար արմատներ նետել չարութեան մէջ: Ամերիկան պէտք է գործի անցնի. մենք պէտք է հրաժարինք անտարբերութենէն: Պէտք է հրաժարինք։Պէտք է հրաժարինք վախէն, ատելութենէն ու անվստահութենէն»։ Կը կարծեմ՝ դժուար ժամանակներուն չկայ աւելի կարեւոր ու ազդեցիկ հակաթոյն, քան փոխվստահութիւնը։ Վստահութիւն կու տաս ու վստահութիւն կը ստանաս։ Իսկ վստահութեան ամենակարեւոր բաղադրիչներէն մէկը այն է, որ Ճշմարտութիւնն ըսենք: Կարեւոր է, թէ ինչ կ՚ըսենք, ինչ նկատի ունինք, ինչ արժէք կու տանք մեր բառերուն, ու թէ ինչ կ՚արժեն ատոնք ուրիշներու համար։ Մեր ամենադժուար խնդիրները չենք կրնար լուծել, եթէ ազնուօրէն չխօսինք ատոնց մասին, եթէ պատրաստ չըլլանք դժուար խօսակցութիւններ վարելու եւ ընդունելու փաստերը։ Մենք պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք, ցեղապաշտութեան, սէքսիզմին, այլասեռականութեան ու հակասեմականութեան մասին, որոնք իրական ուժ են այս երկրին մէջ, ու պէտք է հակազդենք ատոնց: Պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք, որ, բացառութեամբ բնիկ ամերիկացիներու, բոլորս կը սերինք մարդոցմէ, որոնք չեն ծնած մեր ափերուն. մեր նախնիները Ամերիկա եկած են թէ՛ յօժարակամ՝ բարեկեցիկ ապագայի յոյսով, թէ՛ հարկադրաբար՝ ստրկատար նաւով, թէ՛ յուսահատութենէ՝ փախչելով զարհուրելի անցեալէն։ Մենք չենք կրնար կառուցել տնտեսութիւն, որ պիտի ապահովէ ամերիկացի աշխատաւորներու արժանավայել բարեկեցութիւնը, եթէ նախ չըսենք ճշմարտութիւնը: Մենք մարդոցմէ կը խնդրենք աշխատիլ աւելի քիչ դրամով, ու ապրիլ աւելի երկար, այն պարագային, երբ այդ կեանքը աւելի քիչ պաշտպանուած է, քան առաջ: Աշխատավարձը չէ բարձրացած արդէն 40 տարի, չնայած շեշտակի աճած են առողջապահական, կրթական ու բնակարանային վարձերը: Միջին խաւը կ՚ապրի աշխատավարձէ աշխատավարձ։ Մենք պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք մեր ազատազրկման վայրերուն մէջ համատարած ճգնաժամի մասին, ուր աւելի շատ մարդ կը բանտարկենք, քան աշխարհի որեւէ այլ երկիր, առանց լուրջ պատճառի: Պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք ոստիկանութեան դաժանութեան, ցեղապաշտական կանխակալութեան, անզէն սեւամորթներու սպանութիւններու մասին: Ճշմարտութիւնը պէտք է ըսենք դեղագործական ընկերութիւններու մասին, որոնք կախուածութիւն յառաջացնող աֆիոնատիպ նիւթեր վաճառքի հանած են, վարկատուներու ու առեւտրային քոլէճներու մասին, որ տզրուկի պէս կպչած են խոցելի ամերիկացիներուն ու գերբեռնած պարտքերով: Պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք ագահ, «գիշատիչներ»ուն մասին, որոնք ապակարգաւորումը, ֆինանսական խաղերը ու կլիմայի փոփոխութեան ժխտողականութիւնը վերածած են դաւանանքի: Եւ ես մտադիր եմ այդ ընել»։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս