Գամիշլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տեղի հայկական համայնքի յարգուած անձնաւորութիւններէն՝ Միհրան Տիգրանեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը ծնած էր Գամիշլի (1959-ին), հասակ առած էր այնտեղ եւ կանուխ տարիքէն մասնակից դարձած՝ գաղութային գործունէութեան։
Ան երկար տարիներ ծառայած էր ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս դառնալով նաեւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան աշխոյժ անդամներէն։
Միհրան Տիգրանեան անակնկալ եւ անսպասելի կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է հանգուցեալի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ գաղութի անդամներուն եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի լայն շրջանակներուն մօտ։
Յիշեցնենք, որ հանգուցեալին մասին կարճ մահագրութիւն մը հրապարակած է ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի դիմատետրեան էջը, որ մասնաւորապէս գրած է ՝
Չորեքշաբթի , 30 Օգոստոս 2023_ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան , Գամիշլիի ներկայացուցիչ , նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ Եղբ. Միհրան Տիգրանեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման արարողութիւնը.
Թաղման արարողութիւնը նախագահեց ՝ Ճէզիրէի առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեան , ներկայ էր նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն աբղ. Գալայճեան , Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ Ասորի քոյր համայնքի միաբաններէն Հ. Ահօ Իպրահիմ։
Յուղարկաւորութեան եւ ապա թաղման արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Մ.Ը.Մ Գամիշլիի մասնաճիւղը իր ամբողջ կազմով։ Արարողութեան նաեւ ներկայ եղան Ազգային իշխանութեան , պատկան մարմիններու, միութենական ու բարեսիրական միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գամիշլիահայութեան հոծ բազմութիւն մը։