Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պորնը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է, իսկ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ընդունած է այն։ Այս մասին հաղորդած է Agence France-Presse-ը՝ յղում ընելով Էլիզեան պալատին։
«Էլիզապեթ Պորնն իր կառավարութեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է, Մաքրոնն ընդունած է այն»,- յայտնած է գործակալութիւնը։
Նամակին մէջ, որ մէջբերած է գործակալութիւնը, Պորնը յայտնած է ձեռնարկուած բարեփոխումներու ընթացքը շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին։
Իր հերթին Մաքրոնը շնորհակալութիւն յայտնած է Պորնին իր կատարած աշխատանքի համար։
«Տիկին վարչապետ, մեր ազգին ծառայելու ընթացքին ձեր աշխատանքն ամէն օր օրինակելի եղած է: Դուք խիզախութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ վճռականութեամբ կեանքի կոչած էք բարեփոխումները: Ի սրտէ շնորհակալ եմ»,- գրած է Ֆրանսայի նախագահը X-ի իր էջին: