Ֆրանսան Հայաստանին պիտի վաճառէ GM 200 ռատարի երեք կայան, նաեւ ստորագրուած է Mistral զենիթահրթիռային համալիրներու մատակարարման համաձայնագիր։ Այդ մասին յայտարարած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւին, հաղորդած է Reuters-ը։
Ան նշած է, որ այդկերպ Ֆրանսան Հայաստանին կ՚օգնէ բարելաւել իր հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւնները․ «Երկինքի պաշտպանութիւնն առանցքային է»,- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Լըքորնիւն։
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած է, որ Ֆրանսան նաեւ պիտի օգնէ Հայաստանին վերապատրաստել իր ցամաքային ուժերը եւ պիտի աջակցի Հայաստանի զինուած ուժերու բարեփոխմանն ու արդիականացմանն ուղղուած ջանքերուն։
«Երկու նախարարները ստորագրած են Thales-ի արտադրութեան երեք GM 200 ռատարներու, որոնք Ֆրանսան տրամադրած է նաեւ Ուքրանիոյ, վաճառքի պայմանագիր։ Ստորագրուած է նաեւ փոխըմբռնման յուշագիր ապագային ֆրանսական Mistral փոքր հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի մատակարարման վերաբերեալ»,- գրած է կայքը։