ԱՄՆ-ն Եւրոպայէն տեղափոխած է Patriot հակահրթիռային համակարգերը Մերձաւոր Արեւելք, այս մասին գրած է Associated Press-ը։
ԱՄՆ պաշտպանութեան պաշտօնեաները Associated Press-ին յայտնած են, որ Patriot-ի զգալի թիւով հակահրթիռային համակարգեր տեղափոխուած են Եւրոպայէն Մերձաւոր Արեւելք, քանի որ Ուաշինկթըն իր միջոցները կը կեդրոնացնէ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ պատերազմի վրայ։
ԱՄՆ երկու պաշտօնեաներ նշած են, որ այս գործողութիւնը բացեր ստեղծած է Եւրոպայի օդային պաշտպանութեան մէջ Ռուսիոյ դէմ, սակայն մէկ այլ պաշտօնեայ ընդգծած է, որ ՆԱԹՕ-ն դեռ բաւարար կարողութիւններ ունի Եւրոպան պաշտպանելու համար։