Միացեալ Նահանգներ այցով գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանի հետ։
Թրքական պետական լրատուամիջոցներու, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները, յայտնած են, որ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը եւս եղած է օրակարգային հարցերու շարքին։ Նշուած է, որ այդտեղ խաղաղութեան գործընթացին մէջ արձանագրուելիք առաջընթացը որոշիչ նշանակութիւն պիտի ունեանայ Կովկասի բարգաւաճման համար։
Քննարկուած են նաեւ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարին եւ ռուս-ուքրանական պատերազմին առնչուող հարցեր։
Ըստ հաղորդագրութեան, նշուած է նաեւ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարելու՝ թրքական կողմի վճռականութիւնը» եւ շեշտուած, որ «Միացեալ Նահանգները պէտք է գործէ դաշնակցային ոգիին համապատասխան եւ խզէ յարաբերութիւնները PKK ճիւղերու հետ»։