Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) 2025-ի առաջին եօթ ամիսներուն Ուքրանիոյ փոխանցած է 10.1 միլիառ եուրօ՝ Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատան սառեցուած միջոցներէն ստացուած եկամուտներէն, կը հաղորդէ «Welt am Sonntag» թերթը՝ յղում ընելով Եւրոպական Յանձնաժողովի տուեալներուն։
Հրապարակման համաձայն՝ Պրիւքսելը այդ միջոցները կը գործածէ ռազմական եւ քաղաքացիական ծրագիրներու ֆինանսաւորման համար։ Մարտ, մայիս, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն, ինչպէս կը նշէ թերթը, Ուքրանիոյ կառավարութիւնը սառեցուած ռուսական աւանդներէն ստացուած շահոյթէն ստացած է իւրաքանչիւր անգամ 1 միլիառ եուրօ, յունուարին՝ 3 միլիառ եուրօ, իսկ ապրիլին՝ 3.1 միլիառ եուրօ։
Որոշ քաղաքական գործիչներ կը պնդեն, որ Քիեւ պէտք է հասանելիութիւն ունենայ ռուսական բոլոր միջոցներուն, ոչ միայն տոկոսներուն։ Սակայն տնտեսագէտները կը զգուշացնեն նման քայլի կործանարար հետեւանքներուն մասին՝ ֆինանսական համակարգի համար։
Օգոստոս 11-ին Եւրոպական Յանձնաժողովը ստացաւ Ռուսիոյ անօրինական կերպով արգելափակուած ինքնիշխան աւանդներու շահադրումէն բռնագրաւուած եկամուտի երրորդ թրանշը՝ 1.6 միլիառ եւրոյի չափով։ Աւելի վաղ Եւրայանձնաժողովը յայտնած էր, որ այդ միջոցներուն 95 տոկոսը պիտի ուղղուի Ուքրանիոյ տրամադրուող միջազգային վարկերու վճարման, ներառեալ՝ ԵՄ-ի եւ անոր անդամներու կողմէ տրամադրուածները, իսկ մնացեալ 5 տոկոսը պիտի փոխանցուի «Ուքրանիոյ անյետաձգելի ռազմական կարիքներուն»։ Այդ միջոցներով զէնքի մատակարարումները պիտի կատարուին Եւրոպական Խաղաղութեան հիմնադրամի միջոցաւ։