image

ԱՄՆ-ը պատրաստ է երկխօսութեան ի տարբերութիւն Եւրոպայի. Լաւրով

ԱՄՆ-ը պատրաստ է երկխօսութեան ի տարբերութիւն Եւրոպայի. Լաւրով

ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչները, ի տարբերութիւն եւրոպացիներու, պատրաստ են խօսելու։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ Միջազգային ռուսասէրներու շարժման IV համագումարի բացման ժամանակ։

«Միացեալ Նահանգները կարեւոր տարբերութիւն ունի եւրոպական վերնախաւերէն։ Անոնք պատրաստ են խօսելու։ Նոյնիսկ երբ դիրքորոշումները արմատականօրէն, տրամագծօրէն հակառակ են, այդ միշտ կարեւոր է»,– նշած է դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը։

«Մենք միշտ կը խօսինք անոնց հետ, որոնք կ՚ուզեն լրջօրէն խօսիլ։ Պէտք է գալ ոչ թէ անոր համար, որ բարձրախօսով կրկնեն այն, ինչ իրենք Արեւմուտքի մէջ ամէն օր հրապարակայնօրէն կը յայտարարեն՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան դատապարտմամբ։ Դատապարտելու համար պէտք չէ գալ։ Բայց լուրջ զրոյցներու համար մենք միշտ բաց ենք։ Եւ Միացեալ Նահանգները ճիշդ այդպէս կը վարուին մեզի հետ»,– աւելցուցած է ան։