image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպայի մէջ եղած ռազմական կուտակումը աննախադէպ է

Եւրոպայի մէջ եղած ռազմական կուտակումը աննախադէպ է

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ յայտնած է Պաղ պատերազմրն ի վեր Եւրոպայի մէջ զօրքերու ամենամեծ կեդրոնացման մասին: 

Սթոլթենպըրկ մտահոգութիւն յայտնած է Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ սահմանին տիրող իրավիճակին կապակցութեամբ: Անոր խօսքով, եւրոպական անվտանգութեան համար ստեղծուած բարդ իրավիճակը կապուած է Ուքրանիոյ հետ սահմանին զօրքերու տեղակայման, ինչպէս նաեւ յարձակողական հռետորաբանութեան հետ:

«Կասկած չկայ, որ մենք այժմ ականատես ենք Եւրոպայի մէջ Պաղ պատերազմի աւարտէնի վեր ռազմական ուժերու ամենամեծ կեդրոնացմանը», ըսած է Սթոլթենպըրկ: Նաեւ յաւելած է, որ այժմ Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի ապամագլցողական քայլերու նշաններ չկան, ընդհակառակը, կայ ռուսական զօրքերու թիւի աճ: Ըստ անոր` Ռուսաստանը ի վիճակի յարձակելու առանց նախազգուշացման: