image

Իսրայէլ կ՚ընդլայնէ ռազմական կարողութիւնները. կը ձեւաւորուին Տիեզերական ուժեր

Իսրայէլ կ՚ընդլայնէ ռազմական կարողութիւնները. կը ձեւաւորուին Տիեզերական ուժեր

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը պատրաստուի իր Ծրագրաւորման վարչութեան կազմին մէջ ստեղծել նոր՝ Տիեզերական զօրաբրիգադ, որ կարեւոր քայլ է Երկրի մթնոլորտէն դուրս Իսրայէլի ռազմական կարողութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ynet» պարբերականը։

Կը նախատեսուի, որ ստորաբաժանումը կազմուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ համակարգէ տիեզերական արհեստագիտութիւններու մշակումն ու գործնական կիրառումը, ներառեալ՝ ուղեծրային հսկողութեան համակարգերը, ինչպէս նաեւ ապագայ տիեզերական պատերազմներու համար անհրաժեշտ կարողութիւններու զարգացումը։

Որոշումը յայտարարուած է բարձրաստիճան զինուորական նշանակումներու վերաբերեալ խորհրդակցութենէն ետք, որ վարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ընդհանուր սպայակոյտի պետ, զօրավար-փոխգնդապետ Էյալ Զամիր։

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց ողջունած է այս որոշումը։

«Կ՚ողջունեմ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի որոշումը՝ տիեզերական ստորաբաժանում ստեղծելու վերաբերեալ։ Սա այն քաղաքականութեան մէկ մասն է, որ ես առաջ կը մղեմ՝ Իսրայէլը անվտանգութեան մարզի մէջ տիեզերական տէրութեան վերածելու նպատակով՝ ստեղծելով «կապոյտ-սպիտակ աստղային պատերազմներ»ու կարողութիւններ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան առջեւ դրուած նպատակն է Իսրայէլը դարձնել աշխարհի առաջատար երկիրներէն մէկը ռազմական տիեզերական մարզին մէջ», նշած է Քաց՝ X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ։

Անոր համաձայն՝ տիեզերքէն ընդարձակ տարածութիւններու վրայ գտնուող որեւէ թիրախի հետեւելու, զայն պաշտպանելու կամ անոր վրայ յարձակելու կարողութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ Իսրայէլի դիրքը՝ որպէս տարածաշրջանային եւ համաշխարհային տէրութիւն, պիտի զսպէ մօտակայ եւ հեռաւոր թշնամիները եւ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգութիւնը գալիք սերունդներուն համար։