image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական Միութիւնը իր խօսքին տէրն է. Շառլ Միշել

Եւրոպական Միութիւնը իր խօսքին տէրն է. Շառլ Միշել

Եւրոմիութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները հինգշաբթի հաստատած են Ուքրանիոյ համար 2023 թուականի մաքրօ-ֆինանսական ծրագիրը՝ 18 միլիառ եւրոյի չափով, յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշելը Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ գագաթնաժողովէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ: Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Մենք հաստատած ենք Ուքրանիոյ յատկացուելիք 18 միլիառ եւրոյի օգնութեան ծրագիրը, ԵՄ-ն իր խօսքին տէր կը կանգնի»,-ըսած է ան։

Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենն իր հերթին ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը այս տարի 19,7 միլիառ եւրոյի չափով ֆինանսական օգնութիւն յատկացուցած է Ուքրանիոյ եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի շարունակէ աջակցիլ անոր։

«Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Ուքրանիոյ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է: ԵՄ-ն այս տարի Ուքրանային աջակցած է 19,7 միլիառ եւրոյով», -ըսած է ան: