Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ կը հաղորդէ, որ այդ երկրի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վրայ։
Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հարցին ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Փեթեր Սթանոն՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն։
«Մենք սերտ կապի մէջ եղած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ առանց յոգնելու կրկնելով մեր աջակցութիւնը երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ հիմնախնդիրները բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելուն։ Մեր հաղորդակցութեան ուղիները կը մնան բաց։ Եւրոպական Միութիւնը կ՚օգտագործէ բոլոր հնարաւորութիւնները Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր յարաբերութիւններու վրայ։ Մենք կը մնանք հաստատուն այս դիրքորոշման մէջ։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվո Քլաարը կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար»,-ըսած է Սթանոն։