Մոսկուան մտահոգուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Երեւանի ձգտումով, ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն: Անոր խօսքով՝ ԵՄ-ին անդամակցիլն անհամատեղելի է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) Հայաստանի անդամակցութեան հետ։ Ըստ Կրուշքոյի՝ արեւմտեան երկիրները կը փորձեն Երեւանը ներքաշել «աշխարհաքաղաքական խաղի մէջ»:
Հարցին, թէ արդեօք Մոսկուան մտահոգուած է ԵՄ-ին միանալու Երեւանի ձգտումներով, Կրուշքոն դրական պատասխանած է։ «Բնականաբար, Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցելու ձգտումները մտահոգիչ են, քանի որ նման ձգտումներն անհամատեղելի են ԵԱՏՄ-ին անոր անդամակցութեան հետ, եւ մենք այդ մասին կը խօսինք հայ գործընկերներու հետ մեր բազմաթիւ շփումներու ժամանակ»,- նշած է դիւանագէտը։
«Յայտնի է, որ ԵԱՏՄ-ին մասնակցութեան շնորհիւ Հայաստանը արագ կը զարգանայ, եւ տնտեսական աճ կը նկատուի Երեւանի համար բոլոր առանցքային ոլորտներու մէջ: Եւ սա հսկայական հարստութիւն է, որ Հայաստանը կրնայ կորսնցնել, եթէ Արեւմուտքը անոր ներքաշէ իր աշխարհաքաղաքական խաղի մէջ՝ փորձելով հեռացնել Հայաստանը Ռուսիայէն եւ այլ բնական դաշնակիցներէն»,- ընդգծած է փոխնախարարը։