Եւրոպական Միութեան հնարաւոր անդամակցութեան որոշումը հայ ժողովուրդի ընտրութիւնն է, բայց Երեւանը պէտք է հաշուի առնէ Եւրոպական Միութեան էութեան փոփոխութիւնները, որ տնտեսական միութենէ կը վերածուի ռազմաքաղաքականի։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Եթէ օր մը անոնք սկսին նման բանակցութիւններ արդէն պաշտօնապէս, ապա այդ բանակցութիւնները պիտի տեւեն շատ երկար տարիներ։ Եւ հարկ պիտի ըլլայ, ի հարկէ, նայիլ բուն Եւրոպական Միութեան շարժին, թէ ինչի կը վերածուի այն։ Եւ այստեղ, այդ շարքին, ի հարկէ, պէտք է տեսնել եւ հետեւիլ այն յայտարարութիւններուն, որոնք այսօր կու գան Եւրոպական յանձնաժողովէն, Պրիւքսէլէն, եւ ատոնք կապուած են այն հանգամանքի հետ, որ Եւրոպական Միութիւնը տնտեսական միութենէն կը վերածուի ռազմաքաղաքական միութեան։ Սա եւս պէտք է հաշուի առնել։ Եւ Եւրոպական Միութեան բովանդակութիւնը մեր աչքերուն առջեւ կը փոխուի։
Պատրա՞ստ են արդեօք հայերը միանալու ռազմաքաղաքական միութեան մը, որ այսօր շատ յարձակողական դիրքաւորուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նկատմամբ։ Երեւի նման հարց ալ հայերը պէտք է իրենք իրենց տան։ Ամէն պարագայի, ի հարկէ, բազմիցս ըսուած է, որ այս կամ այն համարկային միաւորման օգտին ընտրութիւնը միշտ հայ ժողովուրդի ընտրութիւնն է։
Եւ այստեղ ակնյայտ է, որ կարգ մը որոշումներ որոշ պահու պէտք է կայացուին, որովհետեւ, իրապէս, այդ մասին շատ խօսուած է թէ՛ մեր մօտ, թէ՛ Հայաստանի մէջ Նիքոլ Վովաեւիչը այդ մասին խօսած է։ Բոլորը կը հասկնան, որ միաժամանակ երկու համարկային միաւորումներու մէջ Հայաստանը չի կրնար ըլլալ։
Ուստի, եթէ ինչ որ ժամանակի նման ընտրութիւն կատարուի, ապա այդ ընտրութիւնը պիտի ունենայ համալիր բնոյթ՝ հաշուի առնելով այն ընթացքը, որ այսօր մենք կը տեսնենք Եւրոպական Միութեան էութեան փոփոխութեան մէջ»,– եզրափակած է Օվերչուքը։