image

«Ես 100 տոկոսով վստահ եմ, որ սխալ չեմ արել» Գաբրիէլ Չէմպէրճեան

«Ես 100 տոկոսով վստահ եմ, որ սխալ չեմ արել» Գաբրիէլ  Չէմպէրճեան

Եթէ յանցաւոր եմ՝ պէտք է որ ձերբակալեն, շատ լաւ կ՚ընէ կառավարութիւնը, որ յանցագործները կը բռնէ։ Այս մասին, դեկտեմբերի 27-ին,  լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեանը՝ անդրադառնալով իրեն առաջադրուած մեղադրանքին։

«Բայց հնարաւոր է, որ սխալմունք է եղել։ Մեղադրում են, որ ես Լեւոն Սարգսեանի փողերն եմ լուացել»։

Հարցին, թէ արդեօք Աննա Յակոբեանի հիմնադրամին գումարներ փոխանցելը կրնա՞յ ազդել գործի վրայ՝ Չէմպէրճեանը պատասխանած է, որ դեռ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրօք ու մինչեւ հիմա բարեգործութիւն կ՚ընէ։ «Բարեգործութիւն պիտի ընեմ նաեւ յաջորդ կառավարութեան օրօք, ես ազգասէր մարդ եմ, իսկ կառավարութիւնը ճիշդ կ՚ընէ»։

Դիտարկման, թէ կը ստացուի՝ Լեւոն Սարգսեանի լուացած փողերը ուղարկած է ԱՆնա Յակոբեանին՝ ան պատասխանած է. «Վնաս չունի, սխալներ կրնան ըլլալ, նախապէս ալ եղած են, հիմա ալ կան, ով կ՚աշխատի՝ կրնայ սխալներ ընել։ Իմ փաստաբանը կ՚աշխատի, ես ցուցմունք տուած են։ Հիմա գործը կը քննուի, եթէ սխալ ըրած եմ, պէտք է դատապարտուիմ։ Ես 100 տոկոսով վստահ եմ, որ սխալ չեմ ըրած»։