image

Արմատներով սուրիահայ Գաբրիէլ Չէմպէրճանի նկատմամբ խափանման միջոցը փոխուեցաւ

Արմատներով սուրիահայ Գաբրիէլ Չէմպէրճանի նկատմամբ խափանման միջոցը փոխուեցաւ

«Հակակոռուպցիոն դատարան»ը, նախագահութեամբ Սարգիս Պետրոսեանի, որոշում կայացուցած է Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց՝ երկրէն բացակայելու արգելքի դէմ ներկայացուած բողոքը բաւարարելու եւ բացակայելու արգելքը վերացնելու վերաբերեալ:

Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է փաստաբան Միքայէլ Համբարձումեանը

«8-ամսեայ նախաքննութեան ընթացքում որեւէ քննչական գործողութիւն չէր կատարւում պարոն Չենբերջեանի հետ, աւելին՝ քննիչը եւ դատախազը բացակայելու արգելք խափանման միջոցը չէին վերացնում առանց ողջամիտ որեւէ հիմնաւորման, դատարանի որոշման արդիւնքում խախտուած իրաւունքը վերականգնուեց»,- նշած է ան: