image

Էրտողանի Լարախաղացութիւնը/ Քատիր Աքըն*

Էրտողանի Լարախաղացութիւնը/ Քատիր Աքըն*

Սկսած մերժումէն ՝լուծման մը վերաբերող օրինական փաստաթուղթին,որ կը կոչուի «Տօլմապահչէի  համաձայնութիւն», հասնելով  «Չկայ քրտական հարց» յայտարարութեան եւ ի վերջոյ անտեսելով Մարտինի,Ակրի-Տիանի եւ փաստագրուած Տիարպէքիրի ընտրարշաւներուն բացայայտ դաւադրական մօտեցումները,Էրտողանը ըստ երեւոյթին յաջողած է վերսկսիլ պատերազմը քիւրտերուն դէմ ,առ ի հետեւանք անոր միակուսակցական կառավարութիւն  մը կազմելու  ջանքերու  ձախողման , բան մը, որ պիտի տանէր դէպի արտակարգ  իրավիճակ ունեցող պետութեան:   Ոչ էրտողանը,ոչ ալ ԱՔՓ (AKP) կուսակցութիւնը դրական արձագանգեցին քիւրտերու օրէնսդրական պահանջքներուն վերջին 4 տարիներու ընթացքին:Կառավարութիւնը անտեսեց մայր լեզուի իրաւունքը,խթանելով ապակեդրոնացած իշխանութեան մը կայացումը,որը կը զօրացնէր տեղական իշխանութիւնները, նոյնպէս հանելով Եւրոպական պայմանագրին մէջ նշուած նոյն իրաւունքին վերանշումը: ԱՔՓ-ի կառավարութիւնը եւ անոր վերլուծաբանները որոնք լծուած են հանրային կարծիքի ձեւաւորման առանց վարանումի կը մատնանշեն  քրտական  խնդրին նոր շեշտադրումները  եւ կը շեշտեն քիւրտ բանուորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) այսպէս ըսած «դաս  մը տալ» ու կարեւորութիւնը:Չորս տարուան  ոչ արիւնալի եւ թուրք զինուորներու թաղման պատկերներու չտեսնուիլը արդիւնք էր Օճալանի նախաձեռնութեան: ԱՔՓ եւ Էրտողան երբեք չեն խօսած ազատութիւններու մասին այս բոլոր գործընթացքի տեւողութեան:Անոնք խաղաղութեան գործընթացը  անուանած են իբրեւ «ազգային միասնականութիւն եւ միասին ըլլալու կամք,մէկ լեզուի,մէկ դրօշակի եւ մէկ ազգի պարունակով»: Անոնք անտեսած են նոյնիսկ ընդհանուր ընտրութիւններու արդիւնքները,որոնք կայացան 7 Յունիս 2015-ին:Կառավարութիւնը շատ նախնական կեցուածք ցոյց տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով եւ Քոպանիի դիմադրողականութեան հանդէպ,շարունակելով համագործակցութիւնը ԻՍԻԼ-ի (ISIS) հետ եւ վերջապէս դիմելով սադրանքներու եւ խարդավանքի երբ բացայայտ էր,  որ Քրտական ժողովուրդներու կուսակցութիւնը (HDP) պիտի անցնի 10 տոկոսի սահմանագիծը:

 Համաձայնական  գործընթացքի կողքին,որը ուղղուած է կրկնելու խորդհարանական ընտրութիւնները,յստակ է որ ԱՔՓ պիտի դիմէ ամէն հնարքներու ինչպէս ՝ոստիկանական գործողութիւններ,սպաննութիւններ,ջարդեր եւայլն, Քրտական կուսակցութիւնը վարկաբերկելու,  հանրային կարծիքը ունենալու իր կողքին եւ ձայներ ապահովելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ:

Թրքական քաղաքականութիւնը հիմականօրէն կապուած է միջին արեւելեան զարգացումներէն,ի յաւելում որ Էրտողանի կառավարութիւնը կը համագործակցի ԻՍԻԼ-ին հետ ու անոր   երեւելի  օգնութիւն կը հասցընէ,ինչպէս նաեւ ԻՍԻԼ-ի քարիւղի վաճառքով կը զբաղուի: Այժմ յստակացաւ որ թրքական կառավարութիւնը Պարազանիէն քարիւղ կը ներածէ,ապակայունացնելով յարաբերութիւնները քրտական ինքնավար կառավարութեան հետ:Այս կը յանգեցնէ  նոյնպէս  Մուսուլի հարցով ամերիկեան ծրագրին  խնդրականութեան եւ «Ինճիրլիք»ի ռազմակայանին    «դաշնակից ուժեր»ուն  դիմաց վերաբացման:

Էրտողանն ու ԱՔՓ պաշտօնեաներու համախոհութիւնը,փոքրամասնական կառավարութիւն մը կամ ընտրութիւններու կրկնութիւնը,այս բոլորը պիտի սահմանուին ներկայ զարգացումներով: Աւարտին  պէտք է նշեմ, որմիակ ուժը,  որ կրնայ Էրտողանը լարախաղացութիւնէն  դուրս բերել   այն  ՝քրտական ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնն է:

 

 Անգլերէնէ թարգմանեց ՝ Տիգրան Գաբոյեան

 

 *Քիւրտ մտաւորական  եւ լրագրող: Բազմաթիւ   հայանպաստ յօդուածներու եւ աշխատութիւններու  հեղինակ: Աքին  այս յօդուածը ստորագրեց «Արեւելք»ի խնդրանքով: