Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի կինը՝ Ասմա Ասատը, Սուրիայէն հեռանալէ ետք առաջին անգամ խախտած է լռութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ լաւ օրերը դեռ կը վերադառնան Սուրիա: Այս մասին գրած է Mehr գործակալութիւնը:
«Սուրիոյ ժողովուրդին կը մաղթեմ անվտանգութիւն եւ բարգաւաճում, յոյսով եմ, որ լաւ օրերը կը վերադառնան Սուրիա: Հայրենիքն ուժ է, որ ահնար է կործանել: Ինչպիսի մարտահրաւէրներու ալ հանդիպինք, ատոնք չեն կրնար կոտրել այս երկրի ժողովուրդը: Մենք միասին կը շարժինք դէպի ապագայ», - նշած է նախկին առաջին տիկինը:
Ան ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն քաղաքական հարցերու առնչութեամբ լռութիւն պահպանած է եւ նոյն կերպ ալ պիտի շարունակէ:
«Հայրենիքը սոսկ աշխարհագրական կէտ չէ, այլ զգացում, որ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ՝ հակառակ հեռաւորութեան։ Կեանքի իւրաքանչիւր փուլ ունի իր դասը, եւ իւրաքանչիւր փոփոխութիւն ունի իր իմաստը: Ամէն մարդ ունի իր ուղին, եւ այդ ուղիներէն որոշները կամաւոր ընտրութիւն չեն», -ըսած է Ասմա Ասատը:
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 8-ի առաւօտեան ընդդիմադիր խմբաւորումներու զինեալները մտած են Դամասկոս, Սուրիան անցած է անոնց վերահսկողութեան ներքոյ։ Նախագահ Պաշար Ասատը հակամարտութեան շարք մը մասնակիցներու հետ բանակցելէ ետք որոշած է հրաժարիլ պաշտօնէն եւ լքած երկիրը: Ասատն ընտանիքի հետ մեկնած է Մոսկուա. Ռուսիան ապաստան տրամադրած է անոնց: