image

Երեւանի «Զինուորական հիւանդանոց»ին մէջ զինծառայող մը մահացած է

Երեւանի «Զինուորական հիւանդանոց»ին մէջ զինծառայող մը մահացած է

Երեւանի «Զինուորական հիւանդանոց»ին մէջ հիւանդութեան հետեւանքով զինծառայողի մահուան դէպք արձանագրուած է։ Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեան:

«Թէ կոնկրետ ինչ հիւանդութեան, զերծ կը մնամ նշել. կը պարզի փորձաքննութիւնը: 

Ըստ բժշկական նախնական գնահատականի՝ հիւանդութիւնն ունեցել է կայծակնային ընթացք, ձեռնարկուած բուժական հրատապ եւ անյետաձգելի միջոցառումներն ու գործադրուած ջանքերը, ցաւօք սրտի, արդիւնք չեն տուել: 

Ցաւակցում եւ վշտակցում ենք հիւանդութեան հետեւանքով մահացած զինծառայողի ընտանիքին»,- յայտնած է ան:

Նշենք, որ Երեւանի «Զինուորական հիւանդանոց»ին մէջ մահացած ժամկէտային զինծառայող Արտակ Վարդանեանը Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքէն էր. ան ընտանիքի միակ որդին էր: Սիսիանի բնակիչները յայտնած են, որ նախնական տեղեկութիւններով տղան մահացած է թոքաբորբի հետեւանքով:

«Շատ լաւ, շնորհքով, խելացի տղայ էր, համեստութեան տիպար: Ապրում էր ծնողների ու քրոջ հետ: Հայրն էլ ամիսներ առաջ էր մահացել... Արտակը Իջեւանում էր ծառայում. ինքը քաշի խնդիր ունէր, բանակ չպէտք է գնար, բայց զօրակոչեցին: Մնացին մայրն ու քոյրը: Մայրը հասցրել է Սիսիանից հասնել Երեւան՝ հիւանդանոց, տեսնել որդուն, որից յետոյ նոր գրանցուել է տղայի մահը: Սարսափելի ցաւ է բոլորիս համար, խօսքեր չկան...»,- ըսած է Սիսիանի բնակիչներէն մէկը: