Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵԱՏՄ) երկու-երեք ամիսէն համաձայնագիր պիտի կնքեն ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու մասին։ Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ, այդ մասին յայտարարած է ԱՄԷ-ի արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Թանի պըն Ահմետ ալ Զեյուտի։
«Անցեալ տարուայ կարեւոր իրադարձութիւն էր ԱՄԷ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի պատրաստումը։ Այս համաձայնագիրին վրայ աշխատանքը տեւեց գրեթէ մէկուկէս տարի։ Մենք անհամբեր կը սպասենք փաստաթուղթի ստորագրման երկու կամ երեք ամիս յետոյ»,- նշած է ան։
Պետական նախարարը նշած է, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին ԱՄԷ-ի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 3,5 միլիառ տոլարէն հասած է 10 միլիառ տոլարի։
ԱՄԷ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ բանակցութիւնները սկսած են 2023 թուականի մարտին։ Այս ընթացքին կողմերը խորհրդակցութիւններու քանի մը փուլ կատարած են։ Ըստ ՌԴ տնտեսական զարգացման նախարարութեան, փաստաթուղթը, ի թիւս այլ հարցերու, կը կարգաւորէ սակագիներու ազատականացման, մաքսային եւ արդիւնաբերական համագործակցութեան, ելեկտրոնային առեւտուրի եւ մտաւոր սեփականութեան, առեւտուրի պաշտպանութեան միջոցառումներ։
Աւելի վաղ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի առեւտուրի նախարար Անտրէյ Սլեփնեւ յայտարարած էր, որ ԱՄԷ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ համաձայնագիրի նախապատրաստման շուրջ բանակցութիւններն աւարտած են։ Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջին փոխվարչապետ Տենիս Մանթուրովի խօսքով՝ այս փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի 2025 թուականի կէսերուն։