image

AVC-ին Հետ համատեղ Մեսրոպեանի աշակերտները նշեցին մեծ բանաստեղծին ծննդեան յոբելեանը

AVC-ին Հետ համատեղ Մեսրոպեանի աշակերտները նշեցին մեծ բանաստեղծին ծննդեան յոբելեանը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  Առցանց Համալսարանին հետ իր ունեցած համագործակցութեան ծիրէն ներս Մեսրոպեան Վարժարանի 6-րդ դասարանի սաները օրերս նշած են Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան յոբելեանը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեսրոպեան վարժարանի դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը 

 

ՀԲԸՄ-ի Հայկական առցանց համալսարանին (AVC) հետ գործակցութեան ծիրին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները 20 Փետրուար 2025-ին առացանց հանդիպումի մը ընթացքին նշեցին հայ անուանի բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 156-ամեակը։

Նախակրթարանի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեան ողջոյնի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ գրողներուն կեանքն ու ստեղծագործութիւնները ճանչնալը մեծապէս կարեւոր է հայ աշակերտներուն համար՝ իւրացնելու ազգային գրական արժէքները եւ մշակոյթը։

Հանդիպումի բացումին աշակերտները արտասանեցին Թումանեանի «Հին օրհնութիւն» քերթուածը, որմէ ետք AVC –ի աշխատակցուհի տիկին Զեփիւռ Ղպլիկեան աշակերտներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի երկու տուն –թանգարանները՝ անոր ծննդավայր Դսեղ գիւղին եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Առցանց շրջայցին շնորհիւ, աշակերտները ծանօթացան զոյգ թանգարաններու ցուցանմոյշներուն, որոնք կը վերաբերին մեծ բանաստեղծի կեանքին եւ գործունէութեան։

Այս առիթով, 6-րդի աշակերտները ընթերցեցին Թումանեանի մասին վկայութիւններ եւ կատարեցին «Կաքաւիկ» երգը։

Հանդիպումը աւարտեցաւ հաճելի անակնկալով մը՝ գիրքի փոխանակումով, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ նուէր գիրք մը Թումանեանի հեքիաթներէն, տրամադրուած Մեսրոպեանի տնօրէնութեան կողմէ: