image

Եւրոմիութեան ՀՀ-ի անդամակցութիւնը ձեռնտու պիտի ըլլայ ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ` Պրիւսքսէլի համար․ շուէտացի պատգամաւոր

Եւրոմիութեան ՀՀ-ի անդամակցութիւնը ձեռնտու պիտի ըլլայ ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ` Պրիւսքսէլի համար․ շուէտացի պատգամաւոր

Շուէտացի պատգամաւոր Էրիք Հելսպորն դրական կը գնահատէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթացք սկսելու մասին Հայաստանի խորհրդարանի ընդունած որոշումը՝ համոզում յայտնելով, որ այդ շահաւէտ պիտի ըլլայ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պրիւքսէլի համար։

Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւորն այսպիսի տեսակէտ արտայայտած է «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին։ 

Էրիք Հելսպորն շատ դրական գնահատած է ՀՀ խորհրդարանի ընդունած այդ որոշումը՝ արձանագրելով, որ Եւրոպական միութեան անդամակցելու ճանապարհը երկար է եւ բարդ։ 

«Սա շատ դրական է։ Ես խորապէս կը հաւատամ, որ Հայաստանի ապագան ժողովրդավարական Արեւմուտքի հետ է։ Ի հարկէ, Եւրոպական միութեան անդամ դառնալու ճանապարհը երկար է՝ բարձր պահանջներով, ինչպէս որ պէտք է ըլլար: Սա մեծ քայլ է եւ ճիշդ ուղղութիւն է: Կը կարծեմ, որ այն շահաւէտ է թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Եւրոպական միութեան համար»,-նշած է շուէտացի պատգամաւորը: