image

Նոյն պատուանդանին վրայ

Նոյն պատուանդանին վրայ

Վահէ Օշական իր ամենացայտուն գործերէն մէկուն՝ «Տարեդարձ»ին մէջ հայ իրականութեան հաւաքական վրէժին մասին խօսելով, ձեւով մը «ցուցմունք տալով» կ՚ըսէ. 

Ամօթ է ծօ՜, ալ կը բաւէ. դուրս նետուէ

դո՜ւրս.

սա՜նկ շպրտէ վրադ դիզուած դիակները

նա՜նկ շպրտէ ծերանոցի սովալլուկ պահակները,

բաղնիք մը առ, փողոցն ինկիր քու դարուդ,

աճապարէ՜

մարդկութիւնը հարիւր տարուայ աւանս ունի քու վրադ,

երեխայ չես, ալ մի՜ սպասեր տարեդարձիդ։

Հիմա խնդիրը նոյնն է, մենք ալ պիտի որոշենք, ճիշդ ու ճշմարիտ ըլլալ՝ առնուազն ըսելու համար, թէ մեզի համար մտաւորականը ան չէ, որ տնօրէնի կամ «օֆիս պօյ»ի իր պաշտօնը կը պահէ եւ «մեր» գործերը կ՚ընէ (ինչ ըսես, տղան աշխատասէր է,- արդարանալով) այլ ան է, որ մեր սխալները մատնացոյց կ՚ընէ, մեզի նոր ճանապարհներու մասին կը խօսի ու ամենակարեւորը՝ ասոր անոր չի քծնիր, որպէսզի իր պաշտօնը պահէ։

Պաշտօնները, պարոնայք, գնայուն են, իսկ մնայունը՝ արժէքն է նուիրական կոչումը։

 

Մտաւորականութենէն լրագրութիւն մէկ քայլ է։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ մտաւորական մարդը շատ արագ կերպով կրնայ լրագրող դառնալ, սակայն, բոլոր լրագրողները չեն կրնար մտաւորական կոչուիլ։

Վաղ երիտասարդութեանս օրերուն, մեր միջավայրը բաժնուած էր երկու տեսակ խումբի։ Կային անոնք, որոնք գրել-կարդալ կը սիրէին ու ապա արագօրէն կը բարձրանային մտաւորականութեան «սանդուխներ»էն, նաեւ կային միւսները, որոնք աւելի «գործի մարդիկ» էին եւ լուռ ու մունջ իրենց վստահուած աշխատանքը կը կատարէին։

Ընկալումներու հարց չէր մէջտեղ նետուածը, այլ կար մանաւանդ՝ նախասիրութիւններու խնդիր մը, որ կապ ունէր մարդուս բնաւորութեան, ընտանեկան միջավայրին, ապրած փողոցին եւ նոյնիսկ ընկերական շրջանակին հետ։ Այս բոլորն, անշուշտ, շատ բնական ընթացքներ էին եւ այս ընդհանուր պատկերը տարածուած էր ո՛չ միայն լիբանանահայ շրջանակներուն մէջ, այլ կար ու կ՚ապրէր հասարակութեան միւս բաղկացուցիչներուն մէջ եւս։

Թերեւս հայկական միջավայրը ունէր իր մէջ յաւելեալ «գործիքներ», որոնք այդ բաժանումը կը դարձնէին էական մաս ու մասնիկ, բայց, այդ այդքան ալ կարեւոր դրոյթ մը չէր։

Այս բոլորին առընթեր եւ տեղ մըն ալ ընդունելով ու տուրք տալով յարմարուելու սկզբունքին, հայկական առօրեայի մարդիկ արագօրէն կ՚ենթարկուէին այդ բաժանումներուն։ Մարդիկ, որոնք քիչ մը գրել-կարդալ կը սիրէին, կը դառնային մտաւորական ու հաւասարութեամբ մը կը դասուէին նոյն այն մակարդակով, որուն տքնութեամբ եւ անդուլ ճիգերով հասած են, օրինակ, համալսարաններու դասախօսներ, տոքթորի կոչման տիրացածներ կամ պետական ծառայութեան կոչուած վարչային անձնաւորութիւններ։

Պատերազմական առօրեայ մը կար ու այդ համընկնումները կերպով մը պարտադրուած էին՝ միայն անոր համար, որ հաւաքական կեանքը չտուժէ ու պատերազմի բովին հայագաղութը կարողանայ իր մեծ ու փոքր խնդիրները լուծել։

Ու հոս էր նաեւ, որ բոլորին գիտցածն ու չգիտցածը կը խառնուէին իրարու եւ մարդիկ, որոնք որեւէ կապ չունէին ըսենք՝ լրագրութեան հետ, իրենք զիրենք կը գտնէին լրագրողի կամ թերթ հրատարակողի դերին մէջ։ Սիրողական գրութիւններով, գեղեցիկ շարադրութիւններով, քաղցր խօսքերով հանդէս եկած մարդիկ կը դառնային վաւերագրողներ ու անոնց գրութիւնը կերպով մը կը բանար ճանապարհը նոր տեսակի լրագրութեան մը, որ իր մէջ կը բովանդակէր շարք մը խոցելի երեսակներ...

Դարձեալ կը շեշտեմ՝ օրերը պատերազմական էին ու բոլորը լծուած էին գաղութը պահել-պահպանելու գործին եւ առաքելութեան։

Անցան տարիներ, պատերազմները դադրեցան, օրերն ու ժամանակները փոխուեցան, սակայն, լրագրութիւնը եւ լրագրութիւն ընել փորձողը մնացին նոյն «պատուանդանին վրայ»։ Ժամանակները այնքան տարբերուեցան, որ շարադրութիւն գրողներու ողջ բանակ մը լեցուց սփիւռքեան թերթերու սիւնակները... Հոն կրնայիր ու կրնաս գտնել գրեթէ ամէն ինչ՝ բացի կուռ եւ ճշմարիտ լրագրութենէ։ Ցաւալի է, որ ցայսօր ալ այս պատկերը նոյն բովանդակութեամբ եւ նոյն «ծանր հիւանդ»ի վիճակով կը շարունակուի... Ի վերջոյ ո՞վ պիտի գայ եւ սփիւռքին պիտի սորվեցնէ ու ըսէ՝ պարոնայք ձեր ըրածը լրագրութիւն չէ... Թերեւս լաւ բան մըն է կամ գեղեցիկ բան մըն է, սակայն, լրագրութիւն չէ ու այսօր ամենէն աւելի ու ամենէն շատ սփիւռքը կարիքն ունի անաչառ լրագրողներու, որոնք մէջտեղ պիտի հանեն ու հանրութեան սեղանին պիտի դնեն իրական լրագրութիւն մը...

Այսքանը լրագրութեան մասին, հապա ի՞նչ մտածել մտաւորականութեան պարագային։ Այս առումով կայ իրականութիւն մը, որուն մասին շատ քիչ կը խօսինք եւ կայ «եթերային իրականութիւն» մը, որ բոլոր առումներով կը ներկայացուի՝ որպէս վաւերական ճշմարտութիւն։ Երկրորդի պարագային գոյները շատ աւելի վառ են, գործիքները շատ եւ տեսականին՝ պերճագեղ։ Ու այս բոլորին մէջ կայ մեծ ճիգ մը՝ փաստելու համար, որ ո՛վ է իսկական հայը, ո՛վ է ճշմարիտ հայը եւ ի վերջոյ ո՛վ է այդ հայու մտաւորական տեսակը։ Բնութագրումներու «պատմութիւն»ը ունի բաւական խորունկ արմատներ, որոնց պատճառով ալ ամէն նիւթ գրեթէ փակուած կը համարուի եւ անոր հետ ալ համակերպումը դարձած է տիրական։ 

Վերադառնալով մտաւորականի կոչման, ապա հարցը պատկանելիութեան, սկզբունքի, նուիրական գաղափարի մասին չէ, այլ խնդիրը «քոնֆոր»ի գօտիի մը մէջ ապրած, իրենց մազերը ներկելու ելած եւ տարին մէկ անգամ հաւաքի մը, հրապարակային միջոցառման մը, 24 ապրիլի մը առթիւ խօսողներու մասին է, որոնց համար «տիրական» հանրոյթը մտաւորական բառը կը շռայլէ։

Բայց իրօք ո՞վ է մտաւորականը։ Կամ ո՞վ կու տայ անոր ճիշդ բնութագրումը, ո՞վ կը կոչէ զինք, ո՞ւր կը ստանայ իր «առաջին մկրտութիւն»ը եւ, ի վերջոյ, որո՞ւ համար եւ ինչո՞ւ կը կոչուի մտաւորական։

Երկար տարիներ առաջ, Պէյրութի Սարդարապատ ակումբի «անկեղծ զինուորներ»ը շատ ճշմարիտ բնութագրում մը կատարած էին մտաւորական տեսակին մասին։ Ու այդ բնորոշման մէջ բացառութիւն չկար։ Չէին սիրեր նոյնիսկ այն քիչ բացառութիւնները, որոնք Ղեւոնդ Ալիշանի նման լուսնի լոյսին փոխարէն՝ Պուրճ Համուտի մութ գիշերները մոմի լոյսով կը լուսցնէին, որպէսզի մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան կիսափուլ շէնքին վրայ սալիկ մը աւելցնէին, փոքր պատ մը բարձրացնէին կամ ալ յոռեգոյն պարագային մեր հաւաքական շէնքի պատուհաններէն մէկը նորոգէին։

Սխա՞լ էին այդ տղաքը։ Վստահ չեմ։ Սխա՞լ էին, որ նոյնիսկ բացառութիւնները յարգելու իմաստ մը չէին գտներ. դարձեալ վստահ չեմ։ Սխա՞լ էին, երբ իրենց շարքերուն մէջէն յանկարծ կը ծլարձակէին սիկառի եւ ծխամորճի ծուխերուն մէջէն «ալա մտաւորական» խաղացող նորելուկներ։ Դարձեալ վստահ չեմ, սակայն վստահ եմ, թէ նոյն այդ տղաքը, նոյն այդ խաւարի ասպետները, որոնք մեր նեղ ու մութ թաղերու բնակիչներուն հաց ու ջուր կը հասցնէին, աւելի անկեղծ էին իրենց ըրածին, ընելիքներուն եւ գաղափարին մէջ։

Օրերը փոխուեցան եւ հիմա այս ժամանակներուն ունինք տակաւին լուրջ խնդիր բնութագրելու համար ճիշդ մտաւորականը։ Եւ անկեղծօրէն հարցնենք. ո՞վ է մտաւորականը մեր մէջ։ Եւ ինչո՞ւ այս պարագային այսօր ալ մեզի կը պակսի իրական անկեղծութիւնը։ 

Մտաւորականը ի վերջոյ ա՞ն է, որ ամբողջ կեանքը ասոր անոր քծնելով, իրեն համար հանգիստ մը ստեղծած է կամ ա՞ն է, որ հակառակ ներքին պայքարներու մէջ իր սխալ դիրքորոշումներուն, ամէն առիթով յանկարծ ջուրին երեսը կ՚ելլէ եւ ինքզինք կը պարտադրէ։ Կամ ա՞ն է, որ ամէն ինչ մէկդի նետած՝ ակադեմական գործ կ՚ընէ, սակայն, մեր փառքն ու գովքը չհիւսելուն համար կ՚անուանուի ծախուած, անպէտք եւ կամ դաւաճան։

Վահէ Օշական իր ամենացայտուն գործերէն մէկուն՝ «Տարեդարձ»ին մէջ հայ իրականութեան հաւաքական վրէժին մասին խօսելով, ձեւով մը «ցուցմունք տալով» կ՚ըսէ. 

Ամօթ է ծօ՜, ալ կը բաւէ. դուրս նետուէ

դո՜ւրս.

սա՜նկ շպրտէ վրադ դիզուած դիակները

նա՜նկ շպրտէ ծերանոցի սովալլուկ պահակները,

բաղնիք մը առ, փողոցն ինկիր քու դարուդ,

աճապարէ՜

մարդկութիւնը հարիւր տարուայ աւանս ունի քու վրադ,

երեխայ չես, ալ մի՜ սպասեր տարեդարձիդ։

Հիմա խնդիրը նոյնն է, մենք ալ պիտի որոշենք, ճիշդ ու ճշմարիտ ըլլալ՝ առնուազն ըսելու համար, թէ մեզի համար մտաւորականը ան չէ, որ տնօրէնի կամ «օֆիս պօյ»ի իր պաշտօնը կը պահէ եւ «մեր» գործերը կ՚ընէ (ինչ ըսես, տղան աշխատասէր է,- արդարանալով) այլ ան է, որ մեր սխալները մատնացոյց կ՚ընէ, մեզի նոր ճանապարհներու մասին կը խօսի ու ամենակարեւորը՝ ասոր անոր չի քծնիր, որպէսզի իր պաշտօնը պահէ։

Պաշտօնները, պարոնայք, գնայուն են, իսկ մնայունը՝ արժէքն է նուիրական կոչումը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...