image

Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ դաժանաբար սպաննուած Վաչէ Արսլանեանի մահուան քառասունքին առիթով

Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ դաժանաբար սպաննուած Վաչէ Արսլանեանի մահուան քառասունքին առիթով

Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի,  Լիբանանի Սբ. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ եկեղեցւոյս երկարամեայ թաղական խորհուրդի նախկին անդամ` Վաչէ Արսլանեանի մահուան քառասունքին առիթով, կը տեղեկանանք եկեղեցիէն։

Ինչպէս ծանօթ է՝  մօտ 40  օր առաջ ցնցող ոճիր  կատարուած է Պէյրութի «Ժահթաուի» շրջանին մէջ. քրիստոնէական այդ շրջանի իր տան մէջ սպանուած է ազգային ծանօթ ու աշխուժ գործիչ Վաչէ Արսլանեան։ 

Ըստ տեղեկութիւններու՝ սպանութիւնը գործուած է հաւանաբար կողոպուտի նպատակով. զոհը կապած են մահճակալին, ծեծած  ու հրազէնով սպանած։ 

Վաչէ Արսլանեան ձեռնարկատէր էր, «Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ նախկին թաղական։ Սպանութեան մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, միայն կը նշուի, թէ դէպքի պահուն ան առանձին էր տունը, իր ընտանիքի անդամները հոն չէին։