image

Երեւանէն կը հերքեն, թէ Խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումներուն մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը կայ

Երեւանէն կը հերքեն, թէ Խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումներուն մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը կայ

Նման կէտեր խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ չեն քննարկուիր, «Ազատութեան» հաղորդած է Հայաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակը՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի Մեճլիսի փոխնախագահի պնդման, թէ հայ -ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրի երկու չհամաձայնեցուած յօդուածներէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին է, միւսն ալ՝ ՀՀ սահմանադրութեան:

«Նշուածը բացարձակապէս չի համապատասխանում իրականութեանը: Ինչպէս հրապարակայնօրէն նշել է վարչապետ Փաշինեանը` 2 դեռեւս չհամաձայեցուած կէտերը վերաբերում են մէկը սահմանին երրորդ ուժերի տեղակայման թեմային, միւսը` միմեանց դէմ միջազգային իրաւական կառոյցներում ներկայացրած բողոքների թեմային: Սա հաստատել է նաեւ պաշտօնական Բաքուն», - ըսած է Ռուբէն Ռուբինեան:

Ըստ ատրպէյճանական «Թրենդ»-ին՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերով աւելի վաղ ըսած է, թէ «այս պահու դրութեամբ խաղաղութեան համաձայնագիրի 17 կէտերէն 15-ը համաձայնեցուած է, չհամաձայնեցուած երկու կէտերէն մէկը կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքի բացման, երկրորդ կէտը տարածքային պահանջներն են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեամբ»: