image

Էրտողանի անհանդուրժելի թշնամին` Ֆեթհուլլա Կիւլենը իր շարժումը կը ձգէ դժուարութեան մէջ

Էրտողանի անհանդուրժելի թշնամին` Ֆեթհուլլա Կիւլենը իր շարժումը կը ձգէ դժուարութեան մէջ

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արժէքաւոր դաշնակիցէն` ան դարձած էր անոր երդուեալ թշնամին, վնասարար, որ կրնայ ցնցել թրքական վարչակարգը:

Քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը` իր անունը կրող հզօր իսլամական եղբայրութեան ղեկավարը, մահացաւ երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերի 2024-ին, 83 տարեկանին, ամերիկեան Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, ուր ան աքսորուած էր 1999 թուականին: Նկարագրուած իբրեւ քարոզիչ, նոյնիսկ` երբեմն իբրեւ կուրու, ան յաջողած էր հիմնել չափազանց ազդեցիկ շարժում մը` իր գաղափարաբանութիւնը տարածելու եւ զայն պարտադրելու թրքական սահմաններէն դուրս` կրթութեան եւ լրատուական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ` առեւտուրի եւ տնտեսութեան մէջ: Տակաւին աշխուժ որոշ երկիրներու մէջ` կիւլենական շարժումը վերջին տասնամեակին խիստ ճնշումներու ենթարկուած է Թուրքիոյ մէջ` Անգարայի կողմէ պաշտօնապէս FETՃ – «Ֆեթհուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութիւն» պիտակաւորուելէ ետք:

Ֆեթհուլլա Կիւլենը ծնած է 27 ապրիլ 1941-ին, իմամ հօրմէ, Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող պահպանողական քաղաք Պաշինլերի մէջ, այն ժամանակ` Խորհրդային Միութեան հետ սահմանին մօտ գտնուող: Ֆեթհուլլա Կիւլեն սկիզբը քարոզարշաւ կատարած է հակահամայնավարական կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս: Ապա ան դարձած է Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարարութեան` Տիյանեթի պետական պաշտօնեայ եւ սկսած է քարոզիչի իր գործունէութիւնը` ազդուած իսլամիստական եւ եղբայրական հոսանքներէն: CERI-Sciences Po Paris-ի հետազօտող եւ Անատոլուի հետազօտութիւններու ֆրանսական հիմնարկի նախկին տնօրէն Պայրամ Պալչի Կիւլենի շարժումը կը նկարագրէ իբրեւ «իսլամական եւ թրքական ազգայնականութեան խառնուրդ», նշելով, որ անիկա հիմնուած է 1960-1970 թուականներուն Զմիւռնիոյ շրջանին մէջ` իբրեւ կազմակերպութիւն նպատակ ունենալով օգնութիւն տրամադրել կրթական դժուարութիւններ ունեցող ուսանողներուն: «Անոնց հիմնական նպատակն է ներքուստ խթանել իսլամական ձեւ մը` միաժամանակ ապահովելով, որ անոնք պահպանեն աշխարհիկ պատկեր մը արտաքին աշխարհին առջեւ», կը  բացատրէ Նեւզեթ Չելիքը` ընկերաբան, բժիշկ, որ կապուած է CNRS-ի հասարակութիւններու, կրօններու եւ աշխարհիկութեան խումբին հետ:

«Աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մտաւորականներու» շարքին

1980-ականները երկրին համար շրջադարձային ժամանակաշրջաններ էին, երբ իշխանութեան կողմէ կառավարուող տնտեսութիւնը ազատականացուեցաւ, եւ կրօնական շարժումները ներդրումներ կատարեցին տնտեսութեան մարզին մէջ: Ֆեթհուլլա Կիւլենը օգտագործեց այս առիթը` ջնջելու թապու մը. իսլամութեան կիրարկումը անհամատեղելի չէ հարստանալու հետ, ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ է, որ թոյլ կու տայ ձեր տեղը ապահովելու անդի աշխարհին մէջ: Կիւլենական շարժումի սահմանները կ՛ընդլայնին, եւ կը սկսին հիմնուիլ` սեփական դպրոցներ, ընկերութիւններ, թերթեր եւ տեղական լեզուով սփռուող պատկերասփիւռի կայաններ: Միայն մէկ մարզ կը մնայ անթափանց` քաղաքական աշխարհը:

«Կիւլենը կը ցանկար շարժումին պատկերը վեր պահել քաղաքական կուսակցութիւններէն: Ան հեռու կը մնար եւ կասկածանքով կը վերաբերէր բոլորին», կ՛ըսէ Պայրամ Պալչի: Քարոզիչը 1999 թուականին պաշտօնապէս առողջական պատճառներով մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Իրականութեան մէջ մարդը վախ ունէր զինուորականներու ճնշումէն, որ քեմալական եւ աշխարհիկ համակարգի իբրեւ երաշխաւոր կը գործէր, եւ որուն ճնշող մեքենան իսլամիստներուն դէմ կը գերազանցէր կառավարութիւններուն իշխանութիւնը: 2002 թուականին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան գալով` ամէն բան փոխուեցաւ: Վարչապետ Էրտողան այն ժամանակ քաջալերեց իսլամութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ աննախադէպ միացումը: «Երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Կիւլենին երաշխիք կու տայ, որ ան կրնայ առանց մտահոգութեան վերադառնալ Թուրքիա, քանի որ անոր հանդէպ բոլոր հետապնդումները յետս կոչուած են, ան կը նախընտրէ մնալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան յաջողած էր Փենսիլվանիոյ մէջ շատ ազդեցիկ շարժում ստեղծել», կ՛ըսէ Պայրամ Պալչի:

Բայց եւ այնպէս, կը ձեւաւորուի բնական դաշինք. շատ երիտասարդ պահպանողական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կարիքը ունի եղբայրութեան, անոր մտաւորականներուն եւ լրագրողներու ցանցի ազդեցութեան` իր նախագիծը իրականացնելու համար: Ատոր դիմաց Ֆեթհուլլա Կիւլենը քաղաքական աջակցութիւն կը խնդրէ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին կառուցուած իր ունեցուածքը պահպանելու համար: Անոնք միասին կը փորձեն նաեւ նուազեցնել թրքական բանակին հզօրութիւնը: Համաձայնութիւնը կը զօրացնէ երկու կողմերը: Կիւլենական ազդեցութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցները կը գովաբանեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ շարժումին հետեւորդները` Անգարայի աջակցութեամբ, կը փոխարինեն քեմալական պետական ծառայողները` ոստիկանութեան, արդարադատութեան եւ նոյնիսկ բանակի շարքերուն մէջ:

2008 թուականին Ֆեթհուլլա Կիւլենը կը յայտնուի «աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մտաւորականներ»-ու շարքին` ըստ ամերիկեան Foreign Policy ամսագրին: Եղբայրութեան ազդեցութիւնը կը զայրացնէ երիտասարդ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ ոգեշնչուած էր իր հերթական ընտրական յաղթանակներով: Յատկապէս որ շարժումը որոշակի երկիմաստութիւն կը պահպանէ իշխանութեան հետ. «Այդ կազմակերպութիւն մըն է, որ ներթափանցում, ապօրինի գաղտնալսում եւ լրտեսութիւն կը կատարէր իր դաշնակիցներուն դէմ: Պետական կառոյցներու մէջ աշխատող Կիւլենի հետեւորդներու հաւատարմութիւնը կը գերակայէր պետական ծառ

 

«Լ՛Օրիան Լը Ժուր» – Քլարա Հաժ

Թարգմանեց` Նարէ Գալեմքէրեան

«Ազդակ»