Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին`փետրուար 23-ին եւ 27-ի ցերեկը առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի ձիւն, լեռնային առանձին շրջաններու մէջ՝ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ Հանրապետութեան ճանապարհներուն վրայ կը սպասուին մերկասառոյց։ Փետրուար 24-26-ը, 27-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 3-6 մ/վ, փետրուար 24-ին եւ 26-ին կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 15-18 մ/վ, 25-ին՝ 17-20 մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը փետրուար 23-24-ի յատկապէս գիշերային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի եւս 7-10 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ`փետրուար 23-ին կը սպասուի ձիւն։ Փետրուար 24-27-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։