Ոմանք կը վախնան Իսրայէլէն, քանի որ այդ երկրին կ'աջակցի Ամերիկան, բայց մենք չենք վախնար: Ինչպէս հաղորդած է իրանական IRNA գործակալութիւնը, այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան։
«Անոնք կը կարծեն, թէ մեզի սպառնալով կրնան ստիպել, որ ընենք այն, ինչ իրենք կ'ուզեն: Մենք մարդ ենք եւ արժանապատուօրէն բանակցութիւններ կը վարենք, բայց մտադիր չենք ենթարկուիլ ուժին։ Եթէ տարածաշրջանի միլիառաւոր իսլամները եղբայրներ ըլլային, ապա երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող ցեղասպան սիոնիստական ռեժիմը չէր կրնար նման իրավիճակ ստեղծել իսլամներուն համար։ Մեզ բաժնեցին տարբեր ցեղային եւ կրօնական խումբերու եւ հանեցին իրարու դէմ։ Ոմանք կը վախնան Իսրայէլէն, քանի որ անոր կ'աջակցի Ամերիկան, բայց մենք չենք վախնար եւ պիտի չվախնանք, այդ վայել չէ մեր հասարակութեան»,- ըսած է նախագահը: