image

Էրտողան պաշտօնանկ ըրած է Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը

Էրտողան պաշտօնանկ ըրած է Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան, տոկոսադրոյքներու կտրուկ բարձրացումէն 2 օր անց անսպասելիօրէն պաշտօնանկ  ըրած է  Կեդրոնական  Դրամատան  կառավարիչը, գնաճը զսպելու համար, եւ զայն փոխարինած է իշխող կուսակցութեան նախկին օրէնսդիրով եւ խիստ դրամավարկային քաղաքականութիւնը քննադատողով՝ Սաափ Քաւչիօղլուով, յայտնած է Reuters-ը:

2019-էն ի վեր այս երրորդ դէպքն է, որ Էրտողան, պաշտօնանկ կ'ընէ ԿԲ ղեկավարը: Վերլուծաբանները կանխատեսած էին, որ լիրան կ'արժեզրկուի, երբ շուկաները նորէն բացուին, քանի որ դրամատան հանդէպ վստահութիւնը կրկին վատթարացած է: Լիրան 2018-էն սկսեալ կորսնցուցած է իր արժէքի կէսը: