Բնականաբար, այս անկայուն եւ անորոշ իրավիճակը իր բացասական ազդեցութիւնը կ’ունենայ շրջանի հայութեան ընկերային եւ տնտեսական կեանքին վրայ: Մեր մաղթանքն է, որ 2026 թուականը Միջին Արեւելքին բերէ կայուն ու յարատեւ խաղաղութիւն, որպէսզի ժողովուրդները կարենան ապրիլ եւ ստեղծագործել իրենց բնօրրաններուն մէջ:
Նոր տարին կը դիմաւորենք լաւատեսութեամբ եւ այն յոյսով, որ 2026 թուականը Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ կը դառնայ անկիւնադարձային տարի մը ՝ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումով եւ տնտեսական ու ընկերային վերելքով։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։
Մեր ետին կը թողունք բուռն իրադարձութիւններով լի տարի մը, երբ ականատեսը եղանք Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար յուսադրող զարգացումներու, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ՝ տակաւ շարունակուող տագնապալի իրավիճակի ու մարդկային տառապանքներու:
Անտարակոյս, 2025 թուականի ամենայատկանշական ձեռքբերումը եղաւ Օգոստոս 8-ին ԱՄՆ-ի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Ազրպէյճան-ԱՄՆ համատեղ հռչակագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախաստորագրումը, որոնց շնորհիւ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան, տնտեսական համագործակցութեան եւ բարգաւաճման նոր էջ մը բացուեցաւ։
Բացի այդ, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորացումը ոչ միայն ճանապարհ կը հարթէ դէպի եւրոպական նոր ու այլընտրանքային շուկաներ, այլեւ Հայաստանի համար կը ստեղծէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իրատեսական հեռանկար:
Հակառակ յուսադրող զարգացումներուն, տակաւին լուրջ եւ անյետաձգելի խնդիր կը մնայ ազրպէյճանական բանտերուն մէջ կալանաւորուած հայ գերիներու հարցը, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնագաղթուած հայերու իրաւունքներու վերականգնումը եւ Արցախի տարածքին մէջ մնացած հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը։
Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքը կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամէնէն պայթունավտանգ տարածաշրջանը: Հակառակ զինադադարին եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան, Կազայի հատուածի բնակչութիւնը կը շարունակէ ապրիլ դաժան պայմաններու մէջ՝ իսրայէլեան բանակի տեւական սպառնալիքին ներքոյ:
Զուգահեռաբար, Լիբանանի հարաւը կ'ենթարկուի իսրայէլեան օդուժի ամէնօրեայ թիրախաւորման՝ արդէն իսկ հիւծուած Լիբանանը դնելով աւելի ծանր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ճնշումներու տակ։ Իսկ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները կը փորձեն մէկ կողմէ պահել երկրին միասնականութիւնը, իսկ միւս կողմէ ապահովել քաղաքացիներու տարրական կենցաղային պայմանները:
Բնականաբար, այս անկայուն եւ անորոշ իրավիճակը իր բացասական ազդեցութիւնը կ’ունենայ շրջանի հայութեան ընկերային եւ տնտեսական կեանքին վրայ: Մեր մաղթանքն է, որ 2026 թուականը Միջին Արեւելքին բերէ կայուն ու յարատեւ խաղաղութիւն, որպէսզի ժողովուրդները կարենան ապրիլ եւ ստեղծագործել իրենց բնօրրաններուն մէջ:
Նոր տարին կը դիմաւորենք լաւատեսութեամբ եւ այն յոյսով, որ 2026 թուականը Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ կը դառնայ անկիւնադարձային տարի մը ՝ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումով եւ տնտեսական ու ընկերային վերելքով։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
01/01/2026