image

Փաշինեան ընդունած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը

  Փաշինեան ընդունած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը

 ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ընդունած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը։

  Սոյն հանդիպման մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ խմբագրութեանս ուղարկուած հաղորդագրութիւնէն։

 Ստորեւ այդ հաղորդագրութիւնը՝

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը։

Վարչապետը ընդգծեց Կառավարութեան եւ ՍԴՀԿ-ի միջեւ ձեւաւորուած կառուցողական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Իր կարգին Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան վերահաստատեց կուսակցութեան աջակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ Կառավարութեան վարած քաղաքականութեան։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր։