image

Էրտողան խօսած է «Հացահատիկի միջանցք»ի արդիւնքներու մասին

Էրտողան խօսած է «Հացահատիկի միջանցք»ի արդիւնքներու մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ, պարէնային գործարքի ծիրէն ներս, Ուքրանիայէն աւելի քան 16 միլիոն թոն գիւղամթերք արտածուած է։

«Մեր բացած միջանցքի շնորհիւ աւելի քան 16 միլիոն թոն հացահատիկ եւ հացահատիկային ապրանքներ լքած են Ուքրանիոյ նաւահանգիստները եւ հասած ամբողջ աշխարհին»,- գրած է Էրտողան թուիթըրով։

Հացահատիկի գործարքը, որ 22 յուլիսին ստորագրուած է Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու կողմէ, կ'ենթադրէ ուքրանական հացահատիկի, սննդամթերքի եւ պարարտանիւթի արտածում Սեւ ծովով երեք նաւահանգիստներէ, անոնց շարքին՝ Օտեսայէն: Պայմանագրի ժամկէտը լրացած է 18 նոյեմբերին, սակայն կ'ենթադրէ, որ այն ինքնաբերաբար 120 օրով երկարաձգուի՝ կողմերու առարկութիւններու բացակայութեան պարագային։ Գործարքն ինքնին փաթեթային գործարքի անբաժանելի մասն է, որ, ի թիւս այլ բաներու, կը նախատեսէ պարէնամթերքի եւ պարարտանիւթերու ռուսական արտածման ապաշրջափակում: Մոսկուան նշած է, որ այդ այն էր, ինչ որ չիրականացաւ։ Միաժամանակ ՄԱԿ-էն եղան հաւաստիացումներ, որ սահմանափակումները պիտի վերացուին։