image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան.«Ես պատրաստ եմ Հանդիպելու Ասատի հետ»

 Էրտողան.«Ես պատրաստ եմ Հանդիպելու Ասատի հետ»

Թուրքիոյ նախագահը փափաք յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ հանդիպելու։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ռուսաստանեան  Russia Tv կայանէն։

Էրտողան յայտարարած է, որ անցեալին յաճախ կը հանդիպէր Ասատին հետ, եւ այսօր ոչ մէկ արգելք կայ նոյնը ընելու։

 Թուրքիոյ նախագահը այս առումով մասնաւորապէս ըսած է՝ «Մօտիկ անցեալին թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները լաւ էին, եւ ես անցեալի բազում առիթներով կը հանդիպէի Ասատի, հետեւաբար հնարաւոր է, որ մենք դարձեալ հանդիպինք»։ 

 Էրտողան նաեւ հաստատած է, որ այսօր ոչ մէկ պատճառ կայ, որ թուրք-սուրիական դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնուին։

«Մենք ոչ մէկ կերպ կուզենք խառնուիլ Սուրիոյ ներքին գործերուն»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։ 

Յիշեցնենք, որ անցնող ամիսներէն սկսեալ այս առաջին անգամը չէ, որ թրքական կամ նոյնիսկ արաբական ԶԼՄ-ները կ՚արտայայտուին Թուրքիա- Սուրիա յարաբերութիւններու վերականգման հնարաւորութեան մասին։

Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգմնա առընթեր կարեւոր նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Ռուսիոյ նախագահը, եւ այն տեղի ունեցած էր թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական-նախագահական ընտրութեանց ժամանակ։