Երեւանի Խորենացի 24 հասցէին վրայ գտնուող «Ոսկիի աշխարհ» առեւտուրի կեդրոնը անորոշ ժամանակով փակուած է, քանի որ յայտնաբերուած են հրդեհային անվտանգութեան պահանջներուն առնչուող խախտումներ. համապատասխան որոշումը կայացուած է յունուար 23-ին:
Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են Քաղաքաշինութեան, տեխնիկական եւ հրդեհային անվտանգութեան տեսչական մարմինէն:
«Ոսկիի աշխարհ» տօնավաճառի սեփականատէր Վաղարշ Աբրահամեանը վերստուգումներ կայացնելու խնդրանքով դիմում ներկայացուցած է՝ հաւաստիացնելով, որ խախտումներն արդէն շտկուած են:
Քաղաքաշինութեան, տեխնիկական եւ հրդեհային անվտանգութեան տեսչական մարմնէն տեղեկացուցած են՝ դեռ յայտնի չէ, թէ երբ վերստուգումներ կը կատարուին:
Յիշեցնենք, որ 2023 թուականին եւս «Ոսկիի աշխարհ»ը փակուած էր հրդեհային անվտանգութեան պահանջներուն առնչուող խախտումներու պատճառով: