Երեւանի Քաղաքապետական ընտրութիւններ.Ոչ մէկ վստահութիւն հայրենի կուսակցութիւններուն

Երեւանի Քաղաքապետական ընտրութիւններ.Ոչ մէկ վստահութիւն հայրենի կուսակցութիւններուն

Հարցումը յատկապէս պէտք է փոխառընչել Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր շուրջ բոլորուած իշխանաւորներուն, որոնք մեծ սխալներու հետեւանքով եւ ըստ երեւոյթին կորսնցուցած են Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութեան ամբողջական եւ լիարժէք վստահութիւնը։ Եւ այս առումով  աւելի քան պարզ դիտարկում պէտք է համարել, որ մինչեւ հիմա եղած այդ «վստահութիւն»ը ոտքի կը պահուէր միայն ու միայն «նախկին-ներկայ» խաղադրոյքով մը, որ կարծէք թէ հասած է իր մայրամուտին։

Ի հարկէ շատ բան կախեալ է գալիք օրերու զարգացումներէն ու Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունենալիք խմորումները  իրական ներուժը ունին մեզի ցոյց տալու, թէ որ ուղղութեամբ պիտի ընդանան գալիք զարգացումները։

 

Երեւանի մէջ  տեղի կ՚ունենան բաւականին արագ զարգացումներ։ Սովորաբար երբ ընտրութիւններու մասին կը խօսինք անպայման ի մտի կ՚ունենանք, որ ցանկացած ընտրական գործընթաց իր մէջ ունի կարեւորագոյն դրուածք մը, որ կը կոչուի «հանգստացնող փուլ»։ Նախընտրական պայքար, փողոցի աղմուկ, մեծ-մեծ խոստումներ ու անցած ճանապարհին մասին յոխորտանքով ձեւակերպումներ ու այս բոլորէն անդին ժողովուրդի վստահութեան յենելու ռազմավարութիւն։

Այս բոլորն անշուշտ մեր ետին են, ու իրօք պարզուած պատկերը կու գայ ցոյց տալու, որ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։

Կան վարկածներ, որ այս ընտրութիւնները ի տարբերութիւն թուականի եղած խորհրդարանական ընտրութիւններուն  եւ հակառակ անոր որ քաղաքապետական ընտրութիւններ են կը պարունակեն քաղաքական լուրջ «պատգամներ»։

Մինչ 2021 թուականի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն Հայաստանի հասարակութեան ջախջախիչ տոկոսը ընտրատեղամաս ներկայացաւ, որպէսզի իր «ոչ»ը  ըսէ՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, իր ձեռքերուն պարզելով «Ո՛չ Ռոպէրթին եւ յանուն Հայաստանի» լոզունգը, այսօր ըստ երեւոյթին պատկերը ամբողջականօրէն փոխուած է, որովհետեւ եւ ընտրութեան մասնակիցներոու ընդհանուր տոկոսային համեմատութիւնը եւ ալ վերջնական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հասարակութեան ջախջախիչ հատուածը այս անգամ ընտրութիւններուն չմասնակցեցաւ իր անհամաձայնութիւնը ցոյց տալով ներկայ իշխանութիւններու գործելաոճին։

Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները, որոնք գոհ են այսօր ստեղծուած իրավիճակէն նոյն արդիւնքները կ՚ունենային, եթէ 2020 թուականին Քոչարեան հեռու մնար հրապարակներէն ....։

Այս բոլորին առընթեր ուշագրաւ դիտարկում մը նկատեցի համացանցի էջերուն, երբ ոչ շատ յայտնի լրագրող մը  կը գրէր, թէ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները նման են գաճէ ոտքեր ունեցող արձանի մը։ Մէյ մը, որ արձանի ոտքերը փշրուին, ապա ամբողջ «համակարգ»ը կրնայ արագօրէն փուլ գալ։ Նախապայմանը այդ առումով նոր դէմքեր տեսնելն էր, ու ամենակարեւոր կէտը այն էր, որ հասարակութիւնը որեւէ պարագայի պիտի չուզէր անցեալին վերադառնալու ճիգ մը։ Այս դրոյթը բաւական դժուար կը դարձնէր իրավիճակը։

Դժուար ընդդիմութեան համար մասնաւորապէս, բայց նաեւ դժուար իշխանութեան համար, որովհետեւ ընտրութեանց մասնակից անուններուն մէջ կար առնուազն մէկ անուն, որ ունէր  «թարմ» գործիչի հմայք ու նաեւ կ՚ապահովէր անցեալին հետ որեւէ կերպ փոխակապկցութիւն չունեցող գործիչի մը համբաւը։ Այդ անունը նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի անունն էր, որ այսօր դարձած է նոր հաւասարակշռութիւնները «համագարկող» ու շատ հաւանաբար նոր դաշինքներ կազմելու ունակութիւն ունեցող հիմնական դէմք։ 

Այստեղ հարկաւ պարտիմ յիշեցնել, որ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը եւ անոր համակիր «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, որոնք յար եւ նման միւս երեք ուժերուն ՝ Հայկ Մարութեան առաջնորդած «Ազգային առաջընթաց»-ին, Անդրանիկ Թեւանեանի գլխաւորութեամբ ներկայացած «Մայր Հայաստան» դաշինքին (բնականաբար Քոչարեանի նեցուկը վայելող) ու հանրաճանաչ պլոկըր, նախկին համակարգային ոստիկան Վարդան Ղուկասեանի «Հանրային Ձայն»-ին կարողացան յաղթահարել Քաղաքապետարանի աւագանիին մաս կազմելու ընդունուած շէմը (քուէներու տոկոսային համեմատութեամբ) չունին  «մանտաթ»ներու 50 առաւել մէկ տոկոսը, առանց որուն ալ անհնար պիտի դառնայ ընտրել նոր քաղաքապետ մը։ Ի դէպ այդպէս պիտի ըլլայ քաղաքապետի ընտրութիւնը, (աւագանիի ճամբով) քանզի, ինչպէս վերը նշեցի, ոչ մէկ քաղաքական խումբ յաջողեցաւ հաւաքել պէտք եղած քուէները։

Այս բոլորը հաշուի առնելով, եւ յանգելու համար որոշակի եզրակացութիւններու հարկ է ուրեմն արձանագրել

Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները ունին բաւականին թոյլ դիրքեր եւ անոնց «ժողովրդականութիւն»ը չունի առաջուան ներուժը։

Իշխանական բուրգին մէջ կան լուրջ տարակարծութիւններ, որ իրադրութիւնը կրնայ աւելիով բարդացնել։

Հայաստանի քաղաքացին, որ յոգնած է նախկին-ներկայ խաղէն կը փորձէ ամէն ինչ ընել «ճարել»ու նոր անուն մը ու բոլորուելու անոր շուրջ։

Շրջանային ու նաեւ միջազգային «տեղաշարժեր»ուն առընթեր եղած ընտրութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, որ Հայաստանի հասարակութեան մեծ մասը ընթացքներուն չուզէր նայիլ այդ պրիսմակով։ Անոր համար «յուզական» վիճակներ չեն ստեղծեր Արեւմուտքի կողմէ եղած «խոստումներ»ը կամ աւելի ըսեմ, չի հաւատար, որ արտաքին միջամտութիւնները կամ խաղերը ինչ որ կերպ կարող են իր կեանքը դրական հունի մը տանիլ։

Աւելին Հայաստանի հասարակութիւնը չի վստահիր Հայաստանի ոչ մէկ կուսակցութեան եւ անոր կշռող տոկոսը, որ նոյնիսկ անտեսեց ամէն ինչ ու չգնաց իր քուէն տալու կը հաւատայ, որ կուսակցութիւններու ժամանակը անցած է...։ 

Այս բոլորը քով-քովի շարելէ ետք կ՚ունենանք բաւականին խճճուած պատկեր մը, որուն ամէնէն էական մասը հարցադրում մըն է։ Այդ հարցադրումը կ՚ըսէ, որ արդեօք Երեւանի մէջ եղած քաղաքապետական ընտրութիւնները ինչ որ կերպ եւ ինչ որ առումով կրնան փոխադրուիլ ներ-քաղաքական հարթակ ու բանալ ներքին պայքարներու նոր փուլ մը։ 

Հարցումը յատկապէս պէտք է փոխառընչել Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր շուրջ բոլորուած իշխանաւորներուն, որոնք մեծ սխալներու հետեւանքով եւ ըստ երեւոյթին կորսնցուցած են Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութեան ամբողջական եւ լիարժէք վստահութիւնը։ Եւ այս առումով  աւելի քան պարզ դիտարկում պէտք է համարել, որ մինչեւ հիմա եղած այդ «վստահութիւն»ը ոտքի կը պահուէր միայն ու միայն «նախկին-ներկայ» խաղադրոյքով մը, որ կարծէք թէ հասած է իր մայրամուտին։

Ի հարկէ շատ բան կախեալ է գալիք օրերու զարգացումներէն ու Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունենալիք խմորումները  իրական ներուժը ունին մեզի ցոյց տալու, թէ որ ուղղութեամբ պիտի ընդանան գալիք զարգացումները։

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս 

 

Յ. Գ.Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութեանց վերջնական արդիւնքները

1. «Հանրային ձայն» կուսակցութիւն - 22 431 ընտրող (9.68%)

2. «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն - 75 463 ընտրող (32.57%)

3. «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն - 2595 ընտրող (1.12%)

4. «Յաղթանակ» կուսակցութիւն - 3959 ընտրող (1.71%)

5. «Ուժը հայրենեաց» կուսակցութիւն - 1706 ընտրող (0.74%)

6. «Հայաստանի եւրոպական կուսակցութիւն - 2572 ընտրող (1.11%)

7. «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն - 43 765 ընտրող (18.89%)

8. «Յանուն սոցիալական արդարութեան» կուսակցութիւն - 780 ընտրող (0.34%)

9. «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն - 26 236 ընտրող (11.32%)

10. «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն - 1282 ընտրող (0.55%)

11. «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն - 4174 ընտրող (1.8%)

12. «Ժողովրդավարական Համախմբում» կուսակցութիւն - 2348 ընտրող (1.01%)

13. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն - 8425 ընտրող (3.64%)

14. «Մայր Հայաստան» դաշինք - 35 739 ընտրող (15.43%):

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...