image

Երեւանի պետական համալսարանէն ուսում ստացած ամերիկացի գործիչին բարձր պաշտօն

Երեւանի պետական համալսարանէն ուսում ստացած ամերիկացի գործիչին բարձր պաշտօն

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը նախագհ Ճօ Պայտընի ընդհանուր օգնական Քուրթ Քեմփպըլը հաստատած է որպէս արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի տեղակալ։ 

Ինչպէս նշած է voanews.com-ը, Քեմփպըլը պիտի փոխարինէ Վենտի Շերմընը, որ թոշակի անցած է յուլիս 28-ին: Քեմփպըլը պիտի դառնայ Պլինքընէն ետք արտաքին գործոց նախարարութեան երկրորդ ամենաբարձրաստիճան դիւանագէտը:

Քեմփպըլի կենսագրական տուեալները կը փաստեն, որ ան ուսում ստացած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ՝ ստանալով քաղաքական փիլիսոփայութեան վկայական: