Երեւանի մէջ այսօր, 11 Օգոստոսին, ժամը 09։20-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Արտաշիսեան 54 շէնքի մուտքերէն մէկուն մէջ կնոջ դի կայ։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, ոստիկաններն ու քննիչները նշուած շէնքի առաջին մուտքին մօտ յայտնաբերած են նոյն շէնքի բնակարաններէն մէկու բնակիչ 34-ամեայ Մերի Մ․-ի դին։ Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ դիակի վրայ կան մօտ 10-է աւելի դանակի հարուածի հետքեր։ Պարզուած է, որ անոր սպաննած է Երեւանի բնակիչ 33-ամեայ Մհեր Զ․-ն։
Ոստիկանութեան Շենգաւիթի բաժին ինքնակամ ներկայացած է Մհեր Զ․-ն եւ յայտնած, որ սպանութիւնը կատարած է ինքը ու ներկայացուցած է նաեւ յանցագործութեան գործիք՝ դանակը։
Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ ՔՕ 104 յօդուածի 1-ի մասի յատկանիշներով։
Նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել