Արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ 6 Նոյեմբերին, Ժամը 21:20-ի սահմաններուն միջին տարիքի տղամարդը Պռոշեան-Տեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին՝ կառավարական ամառանոցներու հարեւանութեամբ, ինքնահրկիզման փորձ կատարած է։
Ինչպէս յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ տղամարդը իր վրայ վառելանիւթ լեցուցած է ու իրեն այրած։ Մօտակայքը գտնուող քաղաքացիները, Երեւանի գունդի պարեկներն ու ժամանած շտապօգնութեան բժիշկները անոր տեղւոյն վրայ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած են, ապա փրկարարներու հետ անոր դրած են շտապօգնութեան մեքենային մէջ։
Բժիշկները անոր տեղափոխած են Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն։ Կը ճշդուի, թէ ինչ եղած է կառավարական ամառանոցներու հարեւանութեամբ տղամարդու ինքնահրկիզման պատճառը։
Պարեկային ծառայութիւնը կը պարզէ հիւանդանոց տեղափոխուած քաղաքացիի ինքնութիւնը։