image

Երեւանի մէջ կը շարունակուին անհնազանդութեան գործողութիւնները. կան բերման ենթարկուածներ

Երեւանի մէջ կը շարունակուին անհնազանդութեան գործողութիւնները. կան բերման ենթարկուածներ

Բագրատ Գալստանեանի կոչով Երեւանի մէջ վաղ առաւօտէն կրկին անհնազանդութեան գործողութիւններ կ՚ընթանան:

«Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած» վանկարկումներով քաղաքացիները կը քալեն մայրաքաղաքի փողոցներով՝ կոչ ընելով մարդոց միանալու իրենց, յորդորելով աշակերտներուն ու ուսանողներուն դասադուլ ընել, իսկ ԱԱԾ-ին՝ միանալ պայքարին ու պահպանել ՀՀ շահերը։

Արշաւ իրականացնող քաղաքացիներն արգելափակած են Աբովեան, Տէրեան, Հրաչեայ Քոչար, Մոսկովեան ու Հանրապետութեան փողոցները եւ Նալպանտեն-Սայաթ-Նովա ու Թումանեան-Խանջեան խաչմերուկները։

Մայրաքաղաքի շարք մը փողոցներու մէջ այս պահուն մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կուտակուած են։ Որոշ հատուածներու մէջ իրավիճակը լարուած է։  Ոստիկաններու օրինական պահանջը չկատարելու համար կան բազմաթիւ բերման ենթարկուածներ։ Բերման ենթարկուածներու շարքին կայ նաեւ անչափահաս։