Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովի բացման իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ միջազգային խաղաղութեան հեռանկարներուն։
Վարչապետը նշած է, որ ապագայ խաղաղութեան ճարտարապետութիւնը հիմք հանդիսացած է Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթնաժողովի համար, որու ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութեամբ, ընդունուած է խաղաղութեան հռչակագիր, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները նախաստորագրած են խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրը։
Փաշինեանի խօսքով՝ այժմ կողմերը կը շարժին TRIPP նախագիծի իրականացման ուղղութեամբ։
«Եւ այժմ մենք շարժւում ենք դէպի «Trump Route for International Peace and Prosperity» կարեւոր նախագծի իրականացումը, որը կը նպաստի խաղաղութեան հաստատմանը՝ ապաշրջափակելով տարածաշրջանային ուղիները եւ ստեղծելով նոր միջազգային երթուղիներ արեւելքից արեւմուտք եւ հարաւից հիւսիս՝ էական ներդրում ունենալով միջազգային մատակարարման շղթաների կայունութեան մէջ։ Սիրելի բարեկամներ, այժմ մենք խաղաղութիւն ունենք Ադրբեջանի հետ։ Արդէն երկու տարի է, ինչ Ադրբեջանի հետ փոխհրաձգութիւնների հետեւանքով զոհեր չենք ունեցել, եւ սրանք աննախադէպ տարիներ են մեր անկախութիւնից ի վեր։ Այժմ մենք սերտօրէն համագործակցում ենք Ադրբեջանի հետ՝ մեր երկու երկրներում խաղաղութիւնն ամրապնդելու եւ ինստիտուցիոնալացնելու համար»,- նշած է ան։
Առաջին անգամ է, երբ Ատրպէյճանի նախագահը կը մասնակցի միջոցառման, որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ՝ թէպէտ հեռակապով
Փաշինեան աւելցուցած է, որ սա նաեւ առաջին դէպքն է, երբ Ատրպէյճանի նախագահը կը մասնակցի Հայաստանի մէջ կայացող միջոցառման՝ թէեւ առցանց ձեւաչափով։
«Յոյսով եմ, որ 2028 թուականին հնարաւորութիւն կ՚ունենամ այցելել Ադրբեջան՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 10-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելու համար։ Ի դէպ, Հայաստանը եւ Ադրբեջանը փոխադարձաբար աջակցել են միմեանց թեկնածութիւններին՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովներու անցկացման համար»,-ըսած է Փաշինեանը։
Փաշինեան ընդգծած է նաեւ, որ գագաթնաժողովը կարեւոր է միջազգային պարունակին մէջ՝ հաշուի առնելով աշխարհի մէջ առկայ մարտահրաւէրները՝ Ուքրանիայէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք։
«Ի հարկէ, այս գագաթնաժողովը կարեւոր է նաեւ միջազգային համատեքստում, յատկապէս այն պայմաններում, երբ աշխարհը բախւում է բազմաթիւ աճող մարտահրաւէրների՝ Ուկրաինայից մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք։ Ես համարձակւում եմ յուսալ, որ մեր քննարկումների եւ որոշումների արդիւնքում այս գագաթնաժողովը կարող է դառնալ պատմական նաեւ միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան տեսանկիւնից։ Եւ ես մեզ մաղթում եմ յաջողութիւն եւ հաստատակամութիւն այդ նպատակին հասնելու համար՝ պարտադիր չէ, որ Երեւանում, բայց յուսով եմ՝ մօտ ապագայում»,- ընդգծած է Փաշինեանը։
Վերջաւորութեան վարչապետը Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովի առաջնորդներուն մաղթած է արդիւնաւէտ, բովանդակալից եւ հեռանկարային քննարկումներ։