image

Երեւանի մէջ. Եղանակային պայմանները պիտի մնան նոյնը

Երեւանի մէջ. Եղանակային պայմանները պիտի մնան նոյնը

Երեւանի մէջ 17 օգոստոսի ցերեկը, 18-22-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 17-18 օգոստոսին, 20-ին երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 16-20մ/վ արագութեամբ։

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ՝ 17 օգոստոսի ցերեկը, 18-19-ին, 21-22-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 20 օգոստոսի կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։

Քամին՝ հիւսիսարեւմտեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 17-20 մ/վ արագութեամբ: Երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի մէջ, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ 17-18 օգոստոսին, 20-ին կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։

Օդի ջերմաստիճանն էապէս պիտի չփոխուի։