Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչին Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասնիլն ու իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունենալը քանի մը ուշագրաւ ուղղութիւն կը փոխանցէ:
Առաջին` այն, որ որեւէ բեկումնային պահ չէ ստեղծուած, հակառակ այդ ուղղութեամբ առնուած քարոզչաքաղաքական քայլերուն: Հետեւելով այս մասին կատարուող հրապարակումներուն, կարելի է ընդգծել քանի մը կէտ: Առաջին` այն, որ նոր ձեւակերպումը օգտագործուած է թրքական կողմէն` թրամփեան ուղիին: Սիւնիքի հանգուցակէտին կը տրուի «Զանգեզուրի գիծ» անունը: Այստեղ բառախաղի քաղաքական իմաստը այն է, որ «միջանցք» բառը չ՛օգտագործուիր, սակայն չ՛արտաբերուիր նաեւ համաձայնուած եւ ստորագրուած անունը բացուելիք հաղորդուղիին: Գիծը թուաբանագիտութեան մէջ չունի սկիզբ եւ աւարտ. կը բնութագրուի անսահմանութեամբ: Այս պարագային սկիզբը յայտնի է. Թուրքիա-Նախիջեւանն է, սակայն գնացքի վախճանակէտը պարզ չէ: Որքան ալ այս հաղորդուղին առնչուի «Միջին միջանցք»-ին կամ «Մետաքսէ ճանապարհ»ին, այս պարագային, գոնէ թուրք դիւանագէտին համար անիկա թուրանական գիծն է: Ծխածածկոյթը այս կէտին, Անիի եւ մետաքսէ ճանապարհներու կամուրջներու համատեղման գաղափարն է, որ ըստ էութեան կը շղարշէ թուրանական գիծը: Թրամփին անունը դուրս եկած է, վերադարձած է Զանգեզուրի նշումը, եւ միջանցքը փոխարինուած է գիծ-ով:
Հիմա տեսնենք, թէ այլ ի՛նչ կէտեր հրապարակուած են, որոնք ըստ անպաշտօն տեղեկատուութեան, քննարկուած են այս հանդիպումին:
Կողմերը վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներուն մշակուած եւ համաձայնեցուած հարցերը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հոլովոյթի յառաջմղման նպատակով: Այս ծիրին մէջ անոնք միտքեր փոխանակած են 2022 թուականի յուլիս 1-ի հանդիպման ընթացքին սահմանահատումներու վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեան կեանքի կոչման շուրջ: Յատուկ ներկայացուցիչները համաձայնեցան արագացնել այս հոլովոյթը:
Այստեղ կայ վերահաստատում եւ միտքերու փոխանակում: Չկայ որոշում. մանաւանդ վերահաստատուած որոշումներու գործադրելիութիւնը սահմանող ժամկէտներ: Տակաւին շատ բան կայ պարզելիք սահմանահատման գործընթացին մասին: Պիտի ուսումնասիրուին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի եւ ելեկտրահաղորդիչ գիծի վերականգնման ու գործարկման կարելիութիւնները: «Պիտի»-ները կը շարունակուին:
Քաղաքականօրէն հասկնալի է այս տրամաբանութիւնը: Հերթական անգամ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը շատ յստակ կ՛ըսէր, որ Երեւան-Անգարա հարցերու կարգաւորումի մեկնարկը պայմանաւորուած է Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հետ: Այսքան յստակ եւ պարզ:
Կան բաժիններ` մշակութային եւ կրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան քաջալերումին եւ թռիչքներու բազմապատկման առաջադրանքին վերաբերող:
Էականօրէն մեկնաբանելի բանաձեւ մը կայ այս բոլորին մէջ: Ըստ հրապարակումներուն. «Եզրափակելով` յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին յանձնառութիւնը առանց նախապայմաններու շարունակելու այս հոլովոյթը»:
Յիշենք դասական նախապայմանները.
Ա.- Արցախի տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացում,
Բ.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջէն հրաժարում,
Գ.- Թուրքիոյ հետ ընդհանուր սահմաններու ճանաչում:
Աւելորդ է մեկնաբանելը այսօրուան իրավիճակը: Անհեթեթ է սակայն այս երկխօսութիւնը առանց նախապայմաններու ընթացող քննարկումներ անուանելը:
Արձանագրենք միայն այն, որ հակառակ այս բոլորին, Անգարան կը շարունակէ փոխկապակցել արդիւնաւորումը Ազրպէյճանի հետ հարցերու կարգաւորումով: Փոխկապակցել այս պարագային կը նշանակէ նախապայմանաւորել:
Երեւան-Անգարա ցիւրիխեան արձանագրութիւնները ներառած էին, տեղ-տեղ ուղղակի, տեղ-տեղ անուղղակի այս նախապայմանները: Համայն հայութիւնը հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի ոտքի կանգնեցաւ եւ մերժեց այդ արձանագրութիւնները:
Հիմա շատ աւելի ծանր կը կշռեն եւ կը ճնշեն նախապայմանները:
«Ա.»