image

Նաթանիահուն յայտնած է Կազայի մէջ մշտական հրադադարի կարեւորագոյն պայմանները

Նաթանիահուն յայտնած է Կազայի մէջ մշտական հրադադարի  կարեւորագոյն պայմանները

Իսրայէլ համաձայն է Կազայի մէջ 60-օրեայ հրադադարի, բայց պնդած է Կազայի լիակատար ապառազմականացման եւ ​​պաղեստինեան «Համաս» շարժման իշխանութենէն հեռացման անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգներ կատարած այցի ժամանակ։ Իսրայէլացիներուն ուղղուած ելոյթի տեսագրութիւնը տարածուած է վարչապետի գրասենեակին կողմէ։

«Մենք այժմ կը փորձենք հասնիլ ողջ եւ զոհուած պատանդներու կէսի ազատ արձակման՝ 60-օրեայ ժամանակաւոր հրադադարի դիմաց։ Այդ հրադադարի սկիզբը մենք կը սկսինք բանակցութիւններ պատերազմի մշտական ​​դադրեցման, այսինքն՝ տեւական ​​հրադադարի վերաբերեալ։ Որպէսզի մենք հասնինք անոր, պէտք է կատարուի մեր կողմէն սահմանուած նուազագոյն պայմաններով. «Համաս»-ը պէտք է վար դնէ զէնքերը, Կազան պէտք է ապառազմականացուի, «Համաս» այլեւս պէտք չէ ունենայ որեւէ կառավարական կամ ռազմական կարողութիւն։ Ասոնք մեր հիմնարար պայմաններն են», - նշած է Նաթանիահուն։

Անոր խօսքով՝ եթէ հնարաւոր է այդ իրականացնել բանակցութիւններու միջոցով՝ աւելի լաւ։

«Եթէ չյաջողի բանակցութիւններու միջոցով 60 օր անց, մենք անոր կը հասնինք այլ եղանակներով՝ կիրառելով մեր հերոսական բանակի հզօրութիւնը», - ըսած է ան։

Ան ըսած է, որ Իսրայէլ կ'ընէ ամէն ինչ՝ պատանդները ազատ արձակելու, «բայց ամէն ինչ մեզմէ կախեալ չէ»։